2014-Ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Ասիոյ Գօտի. Այսօր` Լիբանան – Ուզպեքիստան
Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Դ. հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 8 յունիսին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, Մարզական աւանին մէջ կը հիւրընկալէ Ուզպեքիստանը: Մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին:
Երկու կազմերն ալ բնականաբար յաղթելու նպատակով դաշտ պիտի ներկայանան, մանաւանդ որ անոնք երկուքն ալ իրենց կատարած առաջին մրցումին պարտութիւն կրեցին:
Երէկ կէսօրին, «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին երկու կազմերուն մարզիչները եւ խմբապետները պատասխանեցին լրագրողներուն հարցումներուն:
Ֆետերասիոնը իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ բոլորին ուղղելով իր խօսքը յայտնեց, որ բոլորը անխտիր այսօր պէտք է ուղղուին դաշտ եւ քաջալերեն կազմը, որ ամէն գնով կարիքը ունի յաղթանակի:
Անիկա եզրափակեց ըսելով, որ Քաթարի դէմ տեղի ունեցած մրցումին դաշտին թրիպիւններուն պարզած վիճակը պէտք է այսօր եւս կրկնուի ամէն գծով:
Նշենք, որ մրցումին իրաւարարներն են Մոհամետ Ապտալլա Հիլալի, Խալետ Հանատի, Սէյֆ Թալեպ Սէյֆ Ղաֆիրի եւ Իպրահիմ Մուպարաք Ալի Հիւսնի (բոլորն ալ` Օմանէն), իսկ իրաւարարներուն հսկողն է Մոհամետ Համատ Սուէյլ (Սէուտական Արաբիա):


