Եուրօ-2012. Լեհաստան – Յունաստան Բացման Մրցումով Կը Սկսի Մրցաշարքը, Որուն Կը Յաջորդէ Ռուսիա – Չեխիա Մրցումը

Այսօր` ուրբաթ, 8 յունիսին, երեկոյեան ժամը 18:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), տեղի կ՛ունենայ Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքին պաշտօնական բացումը, որուն կը յաջորդէ Լեհաստան – Յունաստան մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին: Այսօրուան յայտագիրին վրայ եղող երկրորդ մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:45-ին, իրարու դէմ պիտի հանէ Ռուսիան եւ Չեխիան:

Նշենք, որ մրցաշարքը միասնաբար կը հիւրընկալեն Լեհաստան եւ Ուքրանիա: Վերջինս առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը մասնակցի մրցաշարքին:

Ինչ կը վերաբերի մրցաշարքին մասնակցող մարզիկներուն, անոնց թիւը 368 է (այս հանգրուանին եւ ոչ թէ զտումի մրցումներուն ընթացքին):

Գերմանիա, որ վեց անգամ հասած է աւարտական հանգրուան, երեքին յաջողած է բարձրացնել տիտղոսը:

16 խումբերէն 7-ն ՖԻՖԱ-ի ընդհանուր դասաւորման մէջ առաջին 10-ին մէջ են:

Այս ախոյեանութիւնը, որ պիտի ըլլայ 14-րդը պիտի երկարի 24 օրերու վրայ, որոնց ընթացքին տեղի պիտի ունենայ 31 մրցում:

Մրցաշարքին ամէնէն տարիքոտ մարզիկն է Յունաստանի բերդապահ Քոսթաս Խալիքաս, որ 38 տարեկան է:

Վերջապէս, մրցաշարքին բաժակին գինն է 20 հազար եուրօ:

Կ՛ակնկալենք տեսնել յաջող մրցաշարք մը, ուր մարզական ոգին ըլլայ տիրապետողը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES