Գոհար Գրադարանի Բացման Նախաձեռնութեամբ Յարութ Խաչատուրեան Քար Մը Եւս Աւելցուց Հայակերտումի Ամրակուռ Բուրգին Վրայ
Քաղաքական թէ ընկերային ամէնէն օրհասական պայմաններուն մէջ իսկ երբեմն յանկարծ տեղ մը, անակնկալ նախաձեռնութիւն մը կու գայ անկիւնադարձային փուլ մը նշելու հաւաքականութեան մը պատմութեան մէջ` պահ մը շուքի տակ ձգելով շրջապատի բոլոր անցուդարձերը, եւ անվեհեր քայլերով ճամբայ կը հարթէ դէպի յաւիտենականութիւն: Ահա թէ ո՛ւր է ազգերու գոյատեւման գաղտնիքը: Ու հայութիւնը` ազգերու այս ամէնէն «փոքր ածու»-ն, դարերու իր գողգոթանման գոյատեւման մէջ երբեմն ականատես եղած է նման նախաձեռնութեանց, անհատակա՛ն նախաձեռնութեանց, որոնք երաշխիք հանդիսացած են հայութեան գոյատեւման ու անոր ինքնութեան` հայապահպանումի բուրգին ամրապնդման:
Արդարեւ, երէկ` հինգշաբթի 7 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նոր Հաճըն թաղամասի շքեղ մէկ սրահին մէջ կատարուեցաւ ԳՈՀԱՐ համոյթի համանուն գրադարանի հիմնադրութեան հանդիսութիւնը: Ձեռնարկին ներկայ էին քաղաքական գործիչներ, գաղափարական զանազան պատկանելիութեանց ներկայացուցիչներ եւ արուեստասէր հանրութիւն մը: Զանոնք համախմբող հասարակաց գլխաւոր նիւթը երաժշտական արուեստի սէրն ու հետաքրքրութիւնն էր:
«Ազդակ»-ի հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին Յարութ Խաչատուրեան վերահաստատեց հայ արուեստին ու երաժշտութեան նկատմամբ իր սէրն ու հաւատքը: Հաւատք` թէ հայ երգը, հակառակ աղաւաղումներու բոլոր փորձերուն, հազարաւոր հայ սուրբերու եւ նահատակներու նման, մաս կը կազմէ անյայտ զինուորներու այն փաղանգին, որ արուեստով, երաժշտական «զէնք»-երով Ա. Բ. Գ.-ի ուղիով եւ Կիլիկիոյ դրօշներով կը պայքարի այլասերումին դէմ:
Բացման խօսքը արաբերէնով կատարեց Սեպուհ Մխճեան, որ անդրադարձաւ գրադարանի ներկայացուցած կարեւորութեան:
«Հայ առաջին գիրքի տպագրութեան եւ Յակոբ Մեղապարտի «Ուրբաթագիրք»ի հրատարակութեան 500-ամեակին եւ Սայաթ-Նովայի ծննդեան 300-ամեակին առիթով, այս գրադարանը կը հիւրընկալէ ձեզ», յայտնեց ԳՈՀԱՐ-ի խմբավար- մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարեան եւ աւելցուց. «Արուեստասէր Խաչատուրեան ընտանիքի մտայղացումն է ԳՈՀԱՐ` աննախընթաց եւ իւրայատուկ, հայերէն երգարաններու եւ բառարաններու գրադարանը, որ կը յայտնուի այս համապարփակ տարածքին վրայ ու գեղեցիկ ձեւով կը ներկայանայ հայ հասարակութեան, որուն առիթը կը տրուի, որ այցելելով գրադարան, ընտրէ, սերտէ հայ գիրը, երգն ու երաժշտութիւնը, նման միջավայրի մը մէջ, խթանել հայ սփիւռքի հայապահպանման դերն ու հայ դիմագիծի գոյատեւման ջանքերը»:
«Այս գրադարանին հաւաքածոն անձնական ջանքերով հաւաքուած է տարբեր երկիրներէ եւ անկիւններէ վերջին 30-40 տարիներուն ընթացքին, ուր որ հայը գոյութիւն ունեցած է: Այս հաւաքածոն կը փաստէ, որ հայը իր հաստատուած կամ ապաստան գտած երկրին մէջ զարկ տուած է հայոց լեզուին, երգ ու երաժշտութեան, որքան որ ալ դժուար եղած են պայմանները», նշեց ան:
«ԳՈՀԱՐ» գրադարանը իր էութեամբ իւրայատուկ գրադարան մը կը նկատուի եւ կը պարունակէ մօտ 1.400 հայերէն երգարաններ, որոնց հնագոյնը տպագրուած է 1833-ին, Էջմիածին: Գրադարանը ունի նաեւ շուրջ 400 հայկական բառարաններ, որոնց հնագոյնը տպուած է 1749-ին, Վենետիկ: Ինչպէս նաեւ կը պարունակէ աւելի քան 2.000 երաժշտական/երգի հաւաքածոներ` ձայնապնակ (LP), ձայներիզ, խտասկաւառակ (Սի. Տի.) եւ տեսասկաւառակ (Տի. Վի. Տի.), որոնք լոյս տեսած են 1950-ական թուականներէն սկսեալ մինչեւ այսօր: Ակնառու է այն իրողութիւնը, որ այս յիշեալ հաւաքածոյին բացարձակ մեծամասնութիւնը տպուած, տպագրուած կամ լոյս տեսած են աշխարհատարած, հեռաւոր այս գաղթօճախներուն մէջ, ինչպէս` Պոլիս, Մոսկուա, Ս. Փեթերսպուրկ, Յունաստան, Թիֆլիս, Վենետիկ, Փարիզ, Պոսթըն, Քալիֆորնիա, Նիւ Եորք, Գահիրէ, Սուրիա եւ ի հարկէ` Լիբանան»:
«Ասկէ անկախ, գրադարանը կը պարունակէ փոքր քանակով հայկական մանրանկարչութեան, ձեռագիրերու 70 գիրքեր եւ Կիլիկիոյ մասին 20 գիրքեր, նաեւ Կիլիկիոյ թագաւորութեան շրջանին գործածուած դրամներու փոքր հաւաքածոյ մը», եզրափակեց Սեպուհ Աբգարեան:
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ երեսփոխան Միշել Ֆարաոն, որ մեծապէս դրուատեց հայերու, յատկապէս հայ արուեստին ու երաժշտութեան ներդրումը լիբանանեան հայրենիքի մշակութային վերելքին մէջ:
Իր կարգին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայր տաճարի լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեան «Ազդակ»-ի մէկ հարցումին պատասխանելով խիստ բարձր գնահատեց ԳՈՀԱՐ երաժշտական գրադարանի բացման այս նախաձեռնութիւնը` ողջունելով այս եւ նման հայապահպանման ձգտող ազգօգուտ քայլերը: «Այսպիսի ձեռնարկներու իւրայատկութիւնը այն է, որ անխտիր բոլոր խաւերու երաժշտասէրները կը համախմբուին` խորհրդակցելով արուեստի վսեմագոյն այս մարզին շուրջ», ընդգծեց Կոմիտաս սրբազան:
ՍԻԼՎԱ Գ.


