«Ժամանակը Հասած Է, Որ Միջազգային Ընտանիքը Յետասատեան Հանգրուանի Համար Ծրագիրի Մը Շուրջ Միաւորուի» Ըսաւ Քլինթըն
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ 16 երկիրներ, ներառեալ` Միացեալ Նահանգները, ինչպէս նաեւ արաբական եւ օտար երկիրներ չորեքշաբթի գիշեր Պոլսոյ մէջ որոշած են սուրիական ընդդիմութեան հետ «Համակարգումի խմբակ» մը յառաջացնել: Անոնք համաձայնած են սուրիական ընդդիմութեան աջակցելու այդ խմբակին` սուրիական ընդդիմութեան հետ ժողով մը գումարել եւ ջանքերը համակարգել: Ժողովը պիտի գումարուի 15 եւ 16 յունիսին Պոլիսի մէջ` մասնակցութեամբ 16 երկիրներու եւ «սուրիական ամբողջ ընդդիմութեան» ներկայացուցիչներուն:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ ժողովին մասնակիցները ողջունած են յառաջիկայ յուլիսի սկիզբը «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովը Փարիզի մէջ հիւրընկալելու ֆրանսական առաջարկը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին նուիրուած խորհրդաժողովի աւարտին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը կը շարունակէ իր բռնարարքները, իսկ Սուրիոյ մէջ լուծումը միայն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացումով եւ իշխանութեան փոխանցումով տեղի պիտի ունենայ` նշելով նաեւ, որ յետասատեան հանգրուանը քննարկելու ժամանակը հասած է: «Ժամանակը հասած է, որ միջազգային ընտանիքը յետասատեան հանգրուանին համար ծրագիրի մը շուրջ միաւորուի», ըսաւ ան:
Քլինթըն սուրիական կառավարութենէն պահանջեց ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրի վեց կէտերը ամբողջութեամբ գործադրել` նշելով, որ Ասատի հեռացումէն ետք անհրաժեշտ է փոխանցման կառավարութիւն մը կազմել` արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան հաստատման փոխանցման հանգրուանին պատրաստուելու եւ բանակցութիւններ կատարելու համար: Ան նշեց, որ կարգ մը երկիրներ Սուրիոյ մէջ փոփոխութենէն կը վախնան, սակայն իրենք պատրաստ են Ռուսիոյ հետ Սուրիոյ մէջ փոխանցման հանգրուանին շուրջ գործակցելու:
«Մենք յառաջիկայ շաբաթ Թուրքիոյ մէջ սուրիական ընդդիմութեան հետ մասնագէտներու ժողովին կը սպասենք, որովհետեւ բազմաթիւ հարցեր կան, զորս սուրիական ընդդիմութիւնը պէտք է ընէ»:
Տաւութօղլու իր կարգին շեշտեց, որ «սուրիական վարչակարգին դիմադրողականութեան եւ անոր արարքներուն վերջ պէտք է տալ ու մէկ ձայնով խօսիլ, այլապէս Պոսնիոյ պէս ցաւալի դէպքերու ականատես պիտի դառնանք, ինչ որ ՄԱԿ-ի ձախողութիւնը պիտի նշանակէ»: Ան նշեց, որ Սուրիոյ հարցով դիւանագիտական լուծումի ուղղութեամբ աշխատանքը պիտի շարունակուի, սակայն անոր զուգահեռ այլընտրանքային միջոցներու մասին մտածելով:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած էր, որ Սուրիոյ տագնապին շուրջ կ՛արծարծուին շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` սուրիական նոր կառավարութեան կազմութեան հետեւանքները, որոնք իրականութեան մէջ այդ երկրին տագնապին վրայ պիտի չազդեն: Ան նշած էր, որ «Անանի ծրագիրի այլընտրանքներ կը քննարկենք եւ Անանի յառաջիկայ զեկուցումին կը սպասենք»:
Անանի տեղակալ Նասեր Քիտուա յայտնեց, որ սուրիական վարչակազմը չգործադրեց Անանի ծրագիրին նոյնիսկ առաջին կէտը, որ զինադադարի հաստատում կը պահանջէ` նշելով, որ սուրիական տագնապին լուծումը ՄԱԿ-ի ուխտի 7-րդ յօդուածի կիրարկումով կ՛ըլլայ:
Ան յայտնեց, որ Անան եւ միջազգային ընտանիքը կը գիտակցին, որ սուրիական վարչակարգը ծրագիրի կէտերուն նկատմամբ իր յանձնառութեանց տէր չկանգնեցաւ եւ անոնցմէ կը խուսափի, ուստի անպայման պէտք է անցնիլ նոր հանգրուանի` սուրիական վարչակարգին զինադադարի հաստատում եւ քաղաքայիններու սպանութիւններու դադրեցում ստիպելու: Ան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց սուրիական վարչակարգին վրայ ճնշում բանեցնելու:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ դատապարտեց Համա նահանգի Քպէյր գիւղին մէջ տեղի ունեցած «բարբարոսական» ջարդը` զայն նկատելով Անանի ծրագիրը ձախողութեան մատնելու նպատակով գրգռութիւն մը: Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ «որեւէ կասկած չկայ, թէ կարգ մը ուժեր, եւ ոչ առաջին անգամ ըլլալով, Անանի ծրագիրը ձախողեցնելու համար ամէնէն բարբարոս ու ստոր գրգռութիւնը կ՛օգտագործեն»: Ան տեղի ունեցած ջարդը նկատեց «բարբարոսական բռնարարքներ»:
Միւս կողմէ, սուրիական «Տունիա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ «առնչակից կողմերը» ձախողութեան մատնած են Ժըսր Շուղուր շրջանին մէջ Թուրքիայէն դէպի Սուրիա «ահաբեկչական զինեալ խմբակի» մը ներթափանցումը: Գործողութեան պատճառով 3 «ահաբեկիչներ» սպաննուած եւ անոնց մօտ գտնուող զէնքերը գրաւուած են, իսկ խմբակին մնացեալ անդամները Թուրքիոյ տարածք փախուստ տուած են:


