Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր սուրիական բանակէն զինուորներ ամբաստանեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի քամերամեն Ալի Շաապանը սպաննելու յանցանքով:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան
ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ ընկերակցութեամբ երեսփոխան Նաամէ Թոհմէի այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Ժոմպլաթ գնահատեց բանակին դերակատարութիւնը` Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութեան եւ երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումին առումով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութիւնը հաստատեց, որ ինք յառաջիկայ երկուշաբթի, 11 յունիսին տեղի ունենալիք Ազգային երկխօսութեան նիստին պիտի չմասնակցի: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստէն ոչ մէկ արդիւնք կարելի է ակնկալել այս զգայուն հանգրուանին:
ՈՒԱԶԶԱՆԻԻ մէջ լիբանանեան բանակը ինքզինք պատրաստ վիճակի մէջ կը դնէ եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերէն կը խնդրէ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի գործած ոտնձգութիւնները դադրեցնել: Լիբանանեան բանակը այս միջոցին դիմած է, որովհետեւ իսրայէլեան ուժեր ծրագրած են Ուազզանիի արեւելքը զինուորական կեդրոն մը յառաջացնել:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ առիթ չտալ, որ Սուրիոյ իրադարձութիւնները Լիբանանի վրայ ազդեցութիւն ունենան:
ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Վալերօ խստիւ դատապարտեց լիբանանեան հողերուն դէմ գործուած սուրիական ոտնձգութիւնները, որոնց պատճառով արձանագրուած է զոհ մը եւ վիրաւորուած են ուրիշներ: Վալերօ կոչ ուղղեց բոլորին յարգելու Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ շեշտեց, որ Ֆրանսա կ՛ողջունէ Արսալի մէջ լիբանանեան բանակին տեղակայումը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա իր խօսքը ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի` շեշտելով, որ կարելի չէ արտօնել, որ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ ամէնօրեայ դրութեամբ ոտնձգութիւններ գործուին:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ քաղաքացիական ապահովութեան հիմնարկին կողմէ պատրաստուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք պատերազմի մը պարագային իսրայէլեան պետութիւնը պիտի քանդուի:
ՅՈՐԴԱՆԱՆԵԱՆ «Ալ արապ ալ եաում» օրաթերթին համաձայն, Յորդանան իր քաղաքացիներէն պահանջած է յետաձգել կամ ջնջել դէպի Լիբանան բոլոր պաշտօնական այցելութիւնները:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել Մոսկուայի մէջ ապահովական հարցերու յատուկ խորհրդաժողովին ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Լիբանան կը փափաքի հիմնական գործընկեր ըլլալ` տարբեր տեսակի ահաբեկչութիւններուն դիմադրելու արշաւին մէջ:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող հարցերը: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ղեկավարներուն հանդիպումը ինքնին ապահովական կայունութեան մթնոլորտ մը կը ստեղծէ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կայունութիւնը պահպանելու նպատակով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտ իսկական գիտակցութիւն կայ եւ լուրջ աշխատանք:

