Նախարար Սապունճեան Կը Շեշտէ Լիբանանի Մէջ Կատարուած Ցուցահանդէսներուն Կարեւորութիւնը
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան Ֆորում տը Պէյրութի մէջ բացումը կատարեց Սննդանիւթի եւ ծրարումի ճարտարարուեստի Թ. արաբական ցուցահանդէսին` «Ֆուտ Էքսփօ 2012»-ին, որ կը վայելէր վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հովանաւորութիւնը:
Նախարար Սապունճեան շրջեցաւ ցուցահանդէսին տարբեր տաղաւարները եւ բացատրութիւններ լսեց այդ ցուցահանդէսին մասնակից հաստատութիւններէն:
Նախարար Սապունճեան գնահատեց անոնց աշխատանքը եւ գովաբանեց սննդանիւթի ճարտարարուեստին որակը, որ ներկայացուած է արաբ, լիբանանցի թէ օտար սպառողին:
«Լիբանանի մէջ նման ցուցահանդէսներու եւ խորհրդաժողովներու կայացումը փաստ է, որ շրջանին մէջ ապահովութիւն կը տիրէ եւ Պէյրութ կը նկատուի առեւտուրի կեդրոն մը», ըսաւ Սապունճեան:
CATEGORIES Լիբանանեան

