Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ընտանիքները Ընդվզում Յայտնեցին Իրենց Հարազատներու Թղթածրարին Նկատմամբ Ցուցաբերուած Անտեսումին Դէմ
Երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 5:00-ին, Հալէպի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու ընտանիքները կազմակերպեցին նստացոյց մը, որուն իբրեւ հետեւանք անոնք ժամանակաւոր կերպով փակեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբան:
Այդ պատճառով ճամբորդները իրենց ճամպրուկներով ստիպուեցան քալել դէպի օդակայան` հասնելու համար իրենց թռիչքին:
Մէկ ժամ տեւած խորհրդանշական այս նստացոյցէն ետք, ցուցարարները բացին Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան` շեշտելով, որ յառաջիկային իրենք պիտի դիմեն մագլցողական քայլերու:
Անոնք ընդվզում յայտնեցին լիբանանեան պետութեան դէմ եւ զայն ամբաստանեցին իրենց հարազատներուն թղթածրարը անտեսելու յանցանքով:
Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ, հանդիպում մը ունենալէ ետք Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի հետ, յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները ողջ առողջ են:
Ան աւելցուց նաեւ, որ թրքական իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց ջանքերը` առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու նպատակով:
Անհրաժեշտ է նշել նաեւ, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ կան որոշ տուեալներ, ըստ որոնց, Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները լաւ են եւ զանոնք ազատ արձակելու նշոյլները` դրական:

