Վարչապետ Միքաթիի Շքախումբին Մաս Կազմող Ինքնաշարժ Մը Ենթարկուեցաւ Արկածի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի շքախումբին մաս կազմող ինքնաշարժ մը երէկ Մասթիթա – Ժիպէյլ շրջանին մէջ ենթարկուեցաւ արկածի: Արկածին պատճառով երկու զինուորներ եւ քաղաքացի մը վիրաւորուեցան:

Վարչապետ Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ վարչապետը եւ անոր թիկնապահները լաւ վիճակի մէջ են:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ վարչապետ Միքաթի կառավարութեան նիստէն ետք ուղղուած է Թրիփոլի, ուր նախագահած շարք մը նիստերու:

Աւելի ուշ նշուեցաւ, որ վարչապետ Միքաթիի շքախումբին մաս կազմող ինքնաշարժներէն մէկը արկածի ենթարկուած է Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէի թիկնպահին պատկանող ինքնաշարժին հետ բախումի պատճառով:

 

Share this Article
CATEGORIES