Վեսթըրֆելէ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ժամանեց Լիբանան
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթըրֆելէ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան:
Վեսթըրֆելէ իր այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ պիտի ունենայ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ` քննարկելու համար լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս` լիբանանեան իրականութեան վրայ Սուրիոյ տագնապին ունեցած ազդեցութիւնը:
Վեսթըրֆելէ ուղղուեցաւ նախագահական պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Գերմանիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարբեր մարզերուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները:
Վեսթըրֆելէ շեշտեց, որ Գերմանիա յանձնառու կը մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն նկատմամբ` Լիբանանին զօրակցելու առումով:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները եւ այդ իրադարձութիւնները Լիբանան չփոխադրելու ջանքերը:
Իր կարգին, նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Գերմանիոյ` քաղաքական եւ տնտեսական մարզերուն մէջ Լիբանանի նկատմամբ իր ցուցաբերած զօրակցութեան համար:
Վեսթըրֆելէ այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Վեսթըրֆելէ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն ուղղակի ուղղուեցաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի բնակարանը. վերջինիս հետ ան քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Նշենք, որ նախքան Լիբանան իր ժամանումը, Վեսթըրֆելէ Պոլիսէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ յայտնեց, որ իրեն համար Սուրիոյ մէջ արձանագրուած բախումները կրնան փոխանցուիլ Լիբանան` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած զինեալ միջադէպերը մտահոգիչ են: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն պատասխանատուութիւնն է Սուրիոյ տագնապը Լիբանան չփոխադրել:
Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ Գերմանիա կը զօրակցի Լիբանանի կայունութեան, ինչպէս նաեւ մաս կը կազմէ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն:



