Կառավարութիւնը Գումարեց Դրական Նիստ Մը

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նիստէն առաջ նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:

Իր նիստին ընթացքին կառավարութիւնը քննարկեց երեք կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն ընթացքին վաւերացուց երկու կէտեր, որոնցմէ` 2012-ի պետական ծախսերը հոգալու հարցը, ինչպէս նաեւ 8,900 միլիառ լ. ոսկիի թղթածրարին լուծումն ու լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ բարգաւաճման ծրագիրներ գործադրելու յատուկ գումարի մը վաւերացումը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծին, ապա զայն կարելի պիտի ըլլայ վաւերացնել յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին գումարուելիք իրերայաջորդ կառավարութեան նիստերուն, որպէսզի զայն վաւերացնելէ ետք կարելի ըլլայ այդ նախագիծը փոխանցել նաեւ խորհրդարանին:

Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի նախարարները գոհունակ դուրս չեկան նիստէն` նկատել տալով, որ իրենք զանց առնուած էին նախքան նիստը գոյացած համաձայնութենէն:

Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը այսօր նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին  վաւերացուց 10,394 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը` զայն պետութեան ծախսերուն տրամադրելու նպատակով:

Տաուք աւելցուց նաեւ, որ կառավարութիւնը որոշած է 150 միլիառ լ. ոսկի գումար մը տրամադրել` ֆինանսաւորելու համար Թրիփոլիի մէջ գործադրուելիք կարգ մը բարգաւաճման ծրագիրները:

Տաուք նշեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուց նաեւ օրինագիծ մը, որուն նպատակն է 450 միլիառ լ. ոսկիի արժողութեամբ բարգաւաճման ծրագիրներ գործադրել լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ` երկու տարուան ընթացքին:

Նիստին ընթացքին հանրապետութեան նախագահը հաստատեց Ազգային երկխօսութեան նիստին անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան աշխատանքին աշխուժացման կարեւորութիւնը:

Նախագահ Սլէյման կառավարութեան ներկայացուց իր կատարած արաբական շրջապտոյտին արդիւնքները, յատկապէս Արաբական Միացեալ էմիրութիւններ կատարած իր այցելութեան արդիւնքներն ու լիբանանցի կարգ մը գործատէրեր վտարելու որոշումին վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց արագացնելու նաեւ դատական իշխանութիւններուն եւ պետական հաստատութիւններուն մէջ կատարուելիք նշանակումները` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է Արսալի զինեալ բախումներուն մասին լուրջ հետաքննութիւն կատարել:

 

Share this Article
CATEGORIES