«Երկու Կողմերու Միջեւ Համաձայնաբար Գոյացած Ապահովութիւնը Խստիւ Մերժելի Է» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ իրեն համար կարեւորը այն է, որ յառաջիկայ երկուշաբթի օր լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը հանդիպին նախագահական պալատին մէջ եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի շուրջ համախմբուելով նուազագոյնը փաստեն, որ իրենք պատրաստակամութիւնը ունին առանց նախապայմանի իրարու հետ զրուցելու եւ խորհրդակցելու:
Յստակ է, որ ոչ ոք ազգային երկխօսութեան այս նիստէն հրաշքներ կը սպասէ, եւ եթէ յառաջիկայ երեք օրերուն ընթացքին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կարենան որոշում մը տալ` Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցելու գծով, նուաճում մը արձանագրած կ՛ըլլանք: «Կը մաղթեմ, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ անձամբ ներկայ գտնուին երկխօսութեան նիստին, հակառակ անոնց դիմագրաւած ապահովական պայմաններուն», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Լիբանանի ազգային երկխօսութեան անհրաժեշտութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանան համախոհական երկիր մըն է եւ իբրեւ այդպիսին երկխօսութիւնը անհրաժեշտութիւն է ու միակ ձեւն է համախոհութիւն գոյացնելու:
«Լիբանանի արդի պատմութեան ընթացքին լիբանանցիները մնայուն կերպով կռուած են, ապա օտարին դիմած իրենց հարցերուն լուծում մը գտնելու եւ աւելի ուշ անդրադարձած, որ իրենք այդ հարցը կրնային լուծել երկխօսութեամբ եւ փոխադարձ խորհրդակցութեամբ», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ պայման չէ 1975-ի նման հարիւր հազար նահատակներ արձանագրուին, որպէսզի անկէ ետք ուղղուինք երկխօսութեան:
«Կը փափաքիմ, որ բոլոր ուժերը մասնակցին երկխօսութեան, անկեղծօրէն խօսինք երկխօսութեան նիստին ընթացքին եւ նիստէն ետք ալ պահպանենք մեր կեցուածքներն ու փոխադարձ յարգանքը: Ով որ Ազգային երկխօսութեան նիստին իր մասնակցիլը կը մերժէ, կ՛արժեզրկէ հանրապետութեան նախագահին անձն ու նախագահութիւնը», ըսաւ ան:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ մնայուն կերպով երկխօսութեան ջատագովը եղած է` աւելցնելով, որ այդ իմաստով ՀՅԴ-ի դերակատարութիւնը պատմական եղած է:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն մնայուն կերպով հանրապետութեան նախագահէն պահանջած է երկխօսութեան նիստի հրաւիրել լիբանանեան կողմերը:
Կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու ջանքերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունն է, որ նախաձեռնութիւն մը առաջադրած է` կառավարութեան աշխատանքները հեզասահ դարձնելու նպատակով: «Սակայն այդ նախաձեռնութիւնը չի միտիր կառավարութեան գոյատեւումը ապահովել, այլ` անոր նպատակն է երկրին ընթացքը բարելաւել, նշանակումներ կատարել եւ ճահճացած ու անդամալուծուած այս իրավիճակէն դուրս բերել Լիբանանը», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Ան ընդգծեց, որ կառավարութիւնը եթէ կարենայ նուաճումներ իրագործել, ապա ամբողջ կազմով կրնայ հերոս դուրս գալ: «Անկարելի է անտեսել Լիբանանի մէջ տիրող լարուածութիւնը, եւ այդ իմաստով լիբանանեան պետութիւնը պէտք է քայլերու դիմէ», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Ակնարկելով համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն համաձայն է այդ օրէնքին` փոքր ընտրաշրջաններու վրայ կիրարկելու հիման վրայ:
Երկրին ապահովական կացութեան մասին երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակն ու ապահովական կառոյցները կարմիր գիծեր են: «Երկու կողմերու միջեւ համաձայնութեամբ գոյացած ապահովութիւնը մերժելի է, մերժելի է, մերժելի է: Անկարելի է ընդունիլ, որ երկու կողմեր համաձայնին եւ ապա բանակին առիթ տան միջամտելու: Բանակը եւ ապահովութեան ուժերը իրենք են, որոնք պիտի պահպանեն երկրին ապահովական կայունութիւնը` գործակցութեամբ հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին: Հետեւաբար քաղաքական անձնաւորութիւնները պէտք է վերջ տան իրենց միջամտութիւններուն եւ ձգեն, որ ապահովական կառոյցները իրենց առաքելութիւնը կատարեն», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի խստիւ դատապարտեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն, ինչպէս ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի, պետական նախարար Նիքոլա Ֆաթթուշի եւ վարչապետ Միքաթիի կողմէ բանտարկեալները ընդունելու եւ կամ զանոնք իրենց շքախումբերով փոխադրելու արարքը:
«Եթէ այդպէս է, ապա անոնք պէտք է անխտիր բոլոր բանտարկեալները ընդունին իրենց բնակարաններուն մէջ եւ կամ բոլորին տրամադրեն իրենց շքախումբերը` բանտէն տուն փոխադրուելու համար: Մեր փորձառութենէն գիտենք, որ ՀՅԴ-ի երիտասարդները պանդոկի մը մէջ տեղի ունեցած թրքական ցուցահանդէսի մը ընթացքին կոչ բաժնելու յանցանքով հինգ օր բանտարկուեցան, ուրեմն վարչապետը պէտք է զանոնք եւս իր բնակարանին մէջ ընդունի», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

