Հայաստան Կը Հակադարձէ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարին
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով անընդունելի նկատեց «Թուրքիոյ` վերջնագիրերով խօսելու գործելաոճը»:
Երէկ հակադարձելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուին, որ ըստ թրքական եւ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, իր երկրին խորհրդարանին մէջ յայտարարած էր, որ «երբ Հայաստան դուրս գայ բռնագրաւուած տարածքներէն, անոր հետ եւս կարելի կ՛ըլլայ յարաբերութիւններ հաստատել», Շարմազանով շեշտեց, որ Թուրքիա յամառօրէն կը շարունակէ արհամարհել իր ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները եւ խեղաթիւրել իրականութիւնը: Ըստ անոր, ասիկա անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ այսօր Թուրքիա եւ Եւրոպա մուտք գործել հասկացողութիւնները հոմանիշներ չեն կրնար ըլլալ:
«Առ ի գիտութիւն թէ՛ Հայաստանէն արեւմուտք եւ թէ՛ Արցախէն արեւելք ինկած երկիրներու ղեկավարներուն` անգամ մը եւս կը փաստեմ, որ այո՛, կան բռնագրաւուած տարածքներ եւ այդ բռնագրաւուած տարածքներէն պէտք է դուրս գան թուրքերը եւ ազրպէյճանցիները: Թարմացնելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին յիշողութիւնը` կը տեղեկացնեմ, որ իր երկիրը գրաւած է Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը ստանձնող Կիպրոսի հիւսիսային մասը, իսկ Ազրպէյճան` Արցախի տարածք հանդիսացող Շահումեանը, Գետաշէնը, Մարտունաշէնը…», յայտարարեց Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահը:
«Ես անգամ մը եւս կը վերահաստատեմ, որ մենք վճռական ենք մեր համազգային նպատակներուն հասնելու ուղղութեամբ», ըսուած է Շարմազանովի յայտարարութեան մէջ:


