«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Վերահսկողութենէն Դուրս Գալու Վտանգ Կայ» Կ՛ըսէ Ֆրէյզըր

Սապինա Ֆրէյզըր

Ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միջազգային ճգնաժամային խմբակի եւրոպական ծրագիրներու ղեկավար Սապինա Ֆրէյզըր մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի Երեւան եւ Պաքու այցելութիւնն ու զայն դրական գնահատած է:

«Շատ դրական է, որ Հիլըրի Քլինթըն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին խօսեցաւ Հարաւային Կովկասի բոլոր այն երեք պետութիւններուն մէջ, ուր գտնուեցաւ իր այցելութեան ծիրին մէջ», ըսած է ան:

Ֆրէյզըր յիշեցուցած է, որ Քլինթընի այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հերթական զինեալ բախումներու ժամանակ, որոնց ընթացքին հայկական կողմէն զոհուեցաւ երեք, իսկ ազրպէյճանական կողմէն` հինգ զինուոր: Ֆրէյզըր սահմանին վրայ իրավիճակը «շատ սուր» որակած է:

«Ակնյայտ է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի յոյսերը, որ գոյութիւն ունէին յատկապէս մինչեւ 2011-ի Քազանեան հանդիպումը, չարդարացան եւ հրադադարի խախտման դէպքերը կ՛աւելնան: Մեծ վտանգ կայ, որ տագնապը վերահսկողութենէն դուրս կու գայ, իսկ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կը սկսին կրակել` նպատակ ունենալով վրէժ լուծել իւրաքանչիւր կորուստի համար: Սակայն եթէ ատիկա տեղի ունենայ, դժուար պիտի ըլլայ կողմերը ետ բերել անդունդի եզրէն կամ յաղթել պատերազմի մէջ», ըսած է ան:

Ան յոյս յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ աւելի կարեւոր դեր խաղան խնդիրի լուծման հարցին մէջ: Անդրադառնալով Պաքուի մէջ Քլինթընի կատարած յայտարարութեան, թէ ինք կողմերուն խոստացած է աջակցիլ տագնապի խաղաղ լուծման եւ սահմանին վրայ ողբերգական իրավիճակներու դադրեցման, Ֆրէյզըր ըսած է. «Ասիկա առաջին դէպքն է, երբ արտաքին գործոց նախարարը հրապարակաւ կը յայտարարէ, որ մտադիր է մասնակցութիւն բերել խաղաղութեան հաստատման փնտռտուքներուն: Ատիկա շատ դրական յայտարարութիւն էր»:

Ֆրէյզըր ըսած է, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան պէտք է իրենք խաղաղութեան հաստատում ցանկան, որովհետեւ ատիկա չի կրնար Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան կամ Ռուսիոյ կողմէ կեանքի կոչուիլ: «Վերջին օրերուն սահմանին վրայ արձանագրած մահուան դէպքերը պէտք չէ նոր կորուստներու սկիզբ դառնան: Անոնք յստակ ցոյց կու տան, որ զինեալ տագնապի վերսկսումը երկու կողմերուն համար ալ լուրջ կորուստներու պատճառ պիտի դառնայ: Կարելի չէ ատիկա սկսիլ` դիւրին եւ արագ յաղթանակի յոյս ունենալով: Եթէ զինեալ բախումները սկսին հաւանական է, որ անոնք երկար պիտի տեւեն եւ ընդարձակ տարածք պիտի ընդգրկեն: Մինչեւ իսկ Վրաստանի մէջ կը զգան, որ պատերազմի պարագային իրենք եւս վնաս պիտի կրեն», ըսած է ան:

Share this Article
CATEGORIES