Դարձեալ Ազրպէյճանական Ներթափանցումի Փորձ` Ճամբարակի Ուղղութեամբ

6 յունիսին հայ-ազրպէյճանական շփման գիծի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ` ճամբարակ բնակավայրին մօտ, ազրպէյճանական կողմը հերթական հետախուզական գործողութեան փորձ ձեռնարկած է Հայաստանի զինեալ ուժերու յառաջապահ դիրքերէն մէկուն ուղղութեամբ:

Հայ դիրքապահերուն աչալրջութեան եւ զգօնութեան շնորհիւ ազրպէյճանական հերթական արկածախնդրութիւնը ձախողած է եւ, ըստ նախնական տուեալներու, կրելով կորուստներ` հակառակորդը նահանջած է:

Հայկական կողմէն զոհեր կամ վիրաւորներ չկան:

Share this Article
CATEGORIES