Արցախի Մէջ Նախագահ Սահակեան Ընդունեց Անճէյ Քասփրչիքը
6 յունիսին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին մէջ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահ Սահակեան Ազրպէյճանի կողմէ վերջերս զինադադարի դրութեան կոպիտ խախտումները որակեց իբրեւ սադրիչ գործողութիւններ` ուղղուած Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի ապակայունացման եւ միջնորդ երկիրներու ջանքերու թուլացման, եւ այս շրջագիծին մէջ անհրաժեշտ նկատեց համապատասխան միջոցներու ձեռնարկումը` այսպիսի պահուածքը չէզոքացնելու համար:
CATEGORIES Հայկական

