Տաւութօղլու Դարձեալ Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Նախապայմաններու Մասին Կը Խօսի

Թրքական «Հապերլեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնած է, որ 8 յունիսին Տրապիզոնի մէջ տեղի ունենալիք Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին նպատակը շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումը պիտի ըլլայ: Ան յիշեցուցած է նաեւ, որ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներուն Նախիջեւանի մէջ եռակողմ հանդիպումը նոյն նպատակը ունէր:

Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը իր խօսքին մէջ անդրադառնալով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն դարձեալ պնդած է թրքական յայտնի նախապայմանը: Ան յայտարարած է, որ իրենց նպատակը Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատումն է, եւ եթէ Հայաստան յարգէ այդ խաղաղութիւնը եւ կատարէ Ազրպէյճանի պահանջները, Թուրքիա Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ պիտի հաստատէ:

Share this Article
CATEGORIES