Նախագահ Սարգսեան. «Անպատասխան Պիտի Չձգենք Որեւէ Գործողութիւն»
«Մենք անպատասխան պիտի չձգենք մեր քաղաքացիներուն, պետական սահմաններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ուղղուած որեւէ գործողութիւն», երէկ յայտարարեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ իւրաքանչիւր հայ զինուորի կորուստը` ամբողջ ժողովուրդին կորուստն է եւ «զոհերուն ընտանիքներուն հետ միասին կը սգանք մենք բոլորս: Ըստ նախագահին, հակառակորդին տրուող պատասխանի առումով չկայ համաչափութեան այնպիսի աստիճան, որ կրնայ մեր վիշտը սփոփել:
«Ես մշտապէս ըսած եմ, որ շփման գիծին վրայ սադրանքները չափազանց վտանգաւոր են: Նաեւ ըսած եմ, որ անոնք պիտի ստանան կարծր պատասխան: Վերջին օրերուն տեղի ունեցած միջադէպերը եւս անոր վկայութիւնն են», նշեց նախագահը: Ան աւելցուց, որ այս սադրանքները կա՛մ իրականացուած են Ազրպէյճանի ղեկավարութեան յանձնառութեամբ եւ այդ պարագային անոնք անձնական պատասխանատուութիւն կը կրեն զինադադարի` Ազրպէյճանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութեան խախտման համար, կա՛մ ալ այդ երկրին զինեալ ուժերը կը գտնուին հրամանատարութեան հսկողութենէն դուրս, եւ այդ պարագային հայկական կողմը պէտք է պատրաստ ըլլայ գործ ունենալու առանձին դաշտային հրամանատարներու, այլ ոչ թէ կազմակերպուած բանակի հետ:
«Մենք չունինք զինեալ ուժ կիրառելու որեւէ դրդապատճառ, քանի որ կը նկատենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման միակ ուղին բանակցայինն է եւ լուծումը պէտք է բխի Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրագործման կարելիութենէն: Իսկ լուծման ճամբով առաջ շարժելու համար, ինչպէս շատ նշած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները, բնակչութիւնը պէտք է պատրաստել խաղաղութեան: Ազրպէյճանական կողմը կը շարունակէ ուղիղ հակառակը ընել` այլատեացութեան խրախուսումը դիտելով իբրեւ երկրի քաղաքացիներուն ուշադրութիւնը ներքին խնդիրներէն շեղելու միջոց», ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան: Ան յատկապէս ցաւալի նկատեց այն հանգամանքը, որ սադրիչ գործողութիւնները տեղի ունեցած են այն օրը, երբ Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ Մոսկուայի մէջ կ՛ընթանար վստահութեան միջոցներու ամրապնդման միտուած` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մտաւորականներու հանդիպումը, իսկ շրջանային այցելութեամբ Հարաւային Կովկասի մէջ կը գտնուէր այլ համանախագահ պետութեան մը` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:
«Մենք չենք ցանկար իրավիճակի սրում, բայց անպատասխան պիտի չձգենք մեր քաղաքացիներուն, պետական սահմաններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ուղղուած որեւէ գործողութիւն: Հայաստանի զինեալ ուժերը ստացած են խիստ հրահանգ ցուցաբերելու զսպուածութիւն եւ զգօնութիւն` միեւնոյն ժամանակ կանխելու եւ պատժելու հակառակորդի որեւէ սադրանքը: Վստահ եմ, որ միջազգային հանրութիւնը եւ Ազրպէյճանի բնակչութիւնը կը հասկնան, թէ որուն խիղճին վրայ է զոհներուն արիւնը», յայտարարեց Հայաստանի նախագահը:
Հանդիպում` Ճափոնի Կայսեր Հետ
Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Թոքիոյի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ճափոնի կայսր Աքիհիթոյի հետ, որուն հետ դռնփակ հանդիպումի մը ընթացքին քննարկուեցան հայ-ճափոնական բարեկամութեան եւ փոխադարձ գործակցութեան առնչուող հարցեր:



