50 Տարի Առաջ ( 9 Յունիս 1962 )

Ազգ. Էհրամճեան Վարժարանին
Տարեկան Ձեռնարկը

Նախաձեռնութեամբ հոգաբարձութեան, Նոր Ամանոսի Ազգ. Էհրամճեան վարժարանի տարեկան խրախճանքի երեկոն տեղի ունեցաւ շաբաթ, 2 յունիս, վարժարանին դալարագեղ եւ գեղազարդուած շրջափակին մէջ:

Երեկոյթին հովանաւորութիւնը սիրայօժար ստանձնած էր ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆի թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբին վարչութիւնը: Թատերասէրները, գլխաւորութեամբ իրենց անզուգական դերուսոյցին, որեւէ ջանք չխնայեցին, որպէսզի Էհրամճեան վարժարանին տարեկան այս միակ ձեռնարկը պսակուի յաջողութեամբ:

Քերմեսի խաղերէն անմիջապէս ետք, ժամը 9:00-ին կը սկսի երեկոյթին պաշտօնական բաժինը: Հետզհետէ կը հասնին խանդավառ զոյգեր, խումբեր եւ ընտանիքներ: Ու շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին կը ստեղծուի ընտանեկան շատ ջերմ մթնոլորտ մը: Մասնաւորաբար հրաւիրուած առաջնակարգ նուագախումբ մը` բոլորին տրամադրութիւնները կը հասցնէ իրենց գագաթնակէտին: Հայկական եւ եւրոպական պարերը կը յաջորդեն իրարու: Երեկոյթին խանդավառ թամատան` Արմէն Արարատեան, իւրայատուկ ոճով մը կը վարէ անակնկալներու բաժինը, եւ որուն իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը կը բերեն` Զեփիւռ Շանթ (երգ), Յակոբ Իսկենտերեան (երգ), Մ. Չոլաքեան (հայկական պար) եւ ուրիշներ:

Քանի կը յառաջանար ժամը, ներկաներուն տրամադրութիւնը աւելի կ՛աւելնար: Ու ահա, «Գասպար Իփկէկեան» խումբին տաղանդաւոր ղեկավարը` Ժ. Սարգիսեան, խօսք կ՛առնէ եւ յուզուած շեշտով մը կը բացատրէ այս ձեռնարկին նպատակը: Անշուշտ շատերը անտրամաբանական պիտի գտնեն «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին հովանաւորութիւնը, ըսաւ Ժ. Սարգիսեան, բայց մեր նպատակը չէ միայն թատրոնի միջոցով նպաստել հայ մշակոյթին, այլ բարոյապէս օգնելով մեր վարժարաններուն` մեծապէս սատարած կ՛ըլլանք գալիք սերունդներուն առողջ դաստիարակութեան:

Ժամը 4:00 էր  ու այգաբացը` շատ մօտ: Ներկաները կը յամենային մեկնելու, բայց ստիպուած էին յօժարիլ, որովհետեւ քիչ յետոյ պիտի կարենային տեսնել ՀԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ծագող արեւը:

Իր այս յաջող ձեռնարկով Էհրամճեան վարժարանին հոգաբարձութիւնը անգամ մը եւս փաստեց, թէ շնորհիւ տքնաջան աշխատանքի` կարելի է նման ձեռնարկներ գլուխ հանել, եւ այս` մանաւանդ Պուրճ Համուտի մէջ:

Կ. ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Դասագիրքերու Ցուցադրութիւն

Լիբանանեան գիրքի ընկերութիւնը եւ Ուսանողաց գրավաճառատունը, Պուրճ Համուտի իր նորաբաց գրախանութին մէջ կազմակերպած էր հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն բոլոր տեսակի դասագիրքերու ցուցադրութիւն մը, որուն բացումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 5 մայիս 1962-ին:

Լիբանանի բոլոր շրջաններէն, հայ եւ արաբ, ինչպէս նաեւ օտար հաստատութեանց դպրոցներու տնօրէններ, ուսուցիչներ, ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներ ներկայ եղան ցուցահանդէսի բացման եւ իրենց անվերապահ գնահատանքը յայտնեցին ցուցադրուած դասագիրքերու կանոնաւոր դասաւորումին, այլազանութեան եւ կատարուած աշխատանքին հանդէպ:

Ցուցադրութեան դրուած էին մինչեւ 1962 թուականը լոյս տեսած բոլոր տեսակի հրատարակութիւնները:

Տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու համար` մեծ դիւրութիւն մը արդարեւ, իրենց փնտռտուքը եւ դասագիրքերու ընտրութիւնը կատարելու տեսակէտով:

Ցուցադրութիւնը կը շարունակուի յաջողութեամբ` գոհացում տալով այցելուներու հետաքրքրութեան:

 

Մայիս 28-Ի Առիթով Պատարագ Եւ Հոգեհանգիստ
Աղեքսանդրիոյ
Մէջ

Առաջնորդական Փոխանորդին
Իմաստալից
Քարոզը

Աղեքսանդրիայէն կը գրեն.-

Երկուշաբթի, 28 մայիս 1962-ին, հակառակ գործի օր ըլլալուն, Աղեքսանդրիոյ ազատատենչ հայութիւնը մեծ թիւով ներկայ եղաւ Հայաստանի անկախութեան 44-րդ տարեդարձին առիթով Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցիին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին եւ երկիւղածօրէն հետեւեցաւ ազատութեան համար ինկած բիւրաւոր հերոսներու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութեան:

Եկեղեցական արարողութեանց կը նախագահէր Աղեքսանդրիոյ առաջնորդական փոխանորդ Զաւէն վրդ. Չինչինեան, իսկ պատարագիչ քահանան էր Ղեւոնդ քհնյ. Փափազեան: Ներկայ էին նաեւ «Կամք»-ի սկաուտներն ու արենուշները:

Օրուան տօնին առիթով հայր սուրբը խօսեցաւ իմաստալից քարոզ մը` վեր առնելով անկախութեան գաղափարը եւ հայ ժողովուրդի ազատ ապրելու կամքը:  1918 մայիս 28-ին, վեց հարիւր տարուան գերութենէ ետք, հայ ժողովուրդը պայքարի եւ արեան գնով կարողացաւ ազատ հայրենիք ստեղծել եւ պարտադրել թշնամիին, որ ճանչնայ զայն իբրեւ ինքնիշխան պետութիւն:

Տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք, ապա հոգեհանգիստ` անկախութիւնը կերտող մեր բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին:

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտումէն ետք Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, ուր խօսք առին ընկերներ Յակոբ Քիւփելեան եւ Գաբրիէլ Թագւորեան, որոնք շեշտեցին օրուան տօնին կարեւորութիւնը եւ անկախութեան գաղափարին շուրջ խորհրդածութիւններ ըրին:

Խօսք առաւ նաեւ հայր սուրբը եւ ըսաւ, թէ պատմութեան ընթացքը կարելի չէ շեղել, կարելի չէ ուրանալ պատմութեան մէջ արձանագրուած թուականները, ասոնցմէ 1918 մայիս 28-ը, որ կայ եւ պիտի մնայ իբրեւ վեց դարերու գերութենէ ետք ստեղծուած անկախ Հայաստանի թուական: Ապա իր խօսքը ուղղելով «Կամք-»ի սկաուտներուն եւ արենուշներուն` յորդորեց զանոնք ըլլալ լաւ հայեր, ազգասէր, հայրենասէր, հետեւիլ մայիս 28-ը կերտող հերոսներու օրինակին եւ ամէն տեղ հայուն անունը բարձր պահել: Ապա «Պահպանիչ»-ով փակեց ընդունելութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES