Ուրկէ՞ Կու Գայ Աչքերուն Գոյնը
Մեր աչքերուն գոյնը կը բնորոշուի աչքի ծիածանին մէջ գտնուող մելանինին կողմէ: Որքան մեծ քանակով ան ներկայ ըլլայ, այնքան աչքին գոյնը մութ կ՛ըլլայ:
Կապոյտ աչքերուն պարագային, ծիածանին մէջի մելանինը թեթեւ է:
Սրճագոյն աչքերուն պարագային, ծիածանին մէջի մելանինին քանակը շատ է:
Ինչպէ՞ս
- Ծինը մարմնին վրայ «արձանագրուած» հրաման մըն է, որ մարմնին ցոյց կու տայ ինչպէ՛ս գործել:
- Հայրը եւ մայրը իրենց ծիները կը փոխանցեն իրենց զաւակներուն` 23 քրոմոզոմներուն միջոցով, որոնք ծիներուն կրած բջիջի տարրերէն են:
- Հետեւաբար մենք կը ստանանք քրոմոզոմներու զոյգ ցանկ մը, եւ այս ձեւով կը յառաջանան բազմաթիւ կարելիութիւններ:
- Աչքերու գոյնին պարագային, սրճագոյն ծինը կ՛իշխէ:
- Այսինքն, եթէ հայրը կապոյտ աչքեր ունի եւ մայրը սրճագոյն աչքեր, սրճագոյն ծինը աւելի զօրաւոր կ՛ըլլայ, եւ զաւակը հաւանաբար սրճագոյն աչքեր կ՛ունենայ:
- Ծիները մեր մարմինէն բազմաթիւ տարրեր կը բնորոշեն` մորթին եւ մազերուն գոյնը, ձայնին աստիճանը, սակայն նաեւ` բնաւորութեան կարգ մը գիծեր:
- Գիտէի՞ք, թէ մենք եւ շեմփանզէները 99 առ հարիւր նոյնանման ծիներ ունինք:
- Աւելի՛ տարօրինակ մենք 50 առ հարիւր (կէսը) նոյնանման ծիներ ունինք… պանանին հետ:
Ո՞վ Կ՛ուզէ Կապոյտ Աչքեր Ունենալ
Ամերիկացի բժիշկ մը կրցած է ի յայտ բերել թեքնիք մը, որուն միջոցով կարելի է փոխել աչքերուն գոյնը:
Մինչեւ այսօր, եթէ մենք ուզէինք փոխել մեր աչքերուն գոյնը, կրնայինք ոսպնեակներ գործածել: Կակուղ կերպընկալէ այս պզտիկ ոսպնեակները ուղղակիօրէն աչքին վրայ կը դրուին: Սակայն ամէն մարդ չի հանդուրժեր զանոնք:
Քալիֆորնիայէն ամերիկացի բժիշկ մը յայտնած է, թէ ինք գտած է միջոց մը, որ կարելիութիւնը կու տայ աչքերուն գոյնը վերջնականօրէն փոխելու:
Այս թեքնիքը յատուկ է այն անձերուն համար, որոնք սրճագոյն աչքեր ունին եւ կ՛ուզեն կապոյտ աչքեր ունենալ:
Վերջնական
Բժիշկ Հոմըր շինած է լէյզըրէ մեքենայ մը, որ կը քաշէ աչքին ծիածանը ծածկող սրճագոյն գոյնի երփնանիւթը. ապա պէտք է 2 – 3 շաբաթ սպասել, որպէսզի կապոյտ գոյնը յայտնուի: Ասիկա ցաւ չի պատճառեր եւ վերջնական է:
Սակայն այս թեքնիքը, որ կը կոչուի «Լումինայ թեքնոլոճի», տակաւին միայն շատ քիչ անձերու վրայ փորձուած է: Մօտ ատենէն պիտի սկսի փորձել 100 անձերու վրայ, մէկ տարուան փորձառական շրջան մը:
Բժիշկը պարզապէս կը սպասէ դրամական օգնութեան` իր փորձը սկսելու համար:
Ապա մեզի կը մնայ խնայողութիւններ ընել, եթէ կ՛ուզենք կապոյտ աչքեր ունենալ: Սրճագոյն աչքեր ունեցողի մը համար կապոյտ աչքեր ունենալը կը կարօտի մօտաւորապէս 5000 տոլարի:
Գիտէի՞ր, Թէ…
- 2008 թուականին Քոփենհակընի համալսարանէն (Դանիա) մասնագէտներ գտած են, թէ բոլոր այն անձերը, որոնք կապոյտ աչքեր ունին, ունեցած են միակ եւ նոյն նախահայրը:
- Այս նախահայրը ապրած է 6000-10,000 տարիներ առաջ:
- Ըստ այն գիտնականին, որ այս ուսումնասիրութիւնը կատարած է, այդ նախահայրէն առաջ բոլոր մարդ արարածները սրճագոյն աչքեր ունէին:
- Այդ նախահօր աչքերուն գոյնը բնորոշող ծիներէն մէկը այլակերպուած է` անոր տալով կապոյտ աչքեր:
- Այս ծինը փոխանցուած է անոր թոռներուն, ծառերուն եւ յառաջացուցած է կապոյտ աչքերով մեծ թիւով կիներ եւ այր մարդիկ:
Կարճ Լուրեր
- 97 տարեկան աւստրալիացի մը ձեռք ձգեց իր 4-րդ վկայականը: Այս ձեւով ան դարձաւ աշխարհի ամէնէն տարեց վկայեալ ուսանողը: Մասնագիտութեամբ ատամնաբուժ, հանգստեան կոչուելէ ետք ան ուսանած է ատամնային վիրաբուժութիւն, փաստաբանութիւն եւ բժշկական գիտութիւններ` իր յիշողութիւնը արթուն պահելու եւ զբաղելու համար:
- Թութակ մը փախած է իր տիրուհիին տունէն, Ճափոնի մէջ, Սակամիհարայի շրջանէն: Երբ ոստիկանութիւնը կրցած է զայն ձեռք ձգել, ան յանկարծակիօրէն երեք անգամ կրկնած է իր բնակավայրի քաղաքին եւ թաղին անունը. ապա ան արտասանած է իր տիրուհիին փողոցին եւ շէնքին թիւերը:
Այս վերջինը, որ արդէն ուրիշ թութակ մը կորսնցուցած էր, իր նոր թութակին սորվեցուցած էր Փիքօ-Շանի իր հասցէն։
- Դարձեալ Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած է աճուրդ մը, որուն ընթացքին իւրայատուկ «առարկայ» մը ծախուած է մօտաւորապէս 13,000 տոլարի: Երբ Ճափոնի մէջ սովորական խնձոր մը կրնայ մօտաւորապէս 6 տոլար արժել եւ կողով մը կեռասը` մօտաւորապէս 100 տոլար, հետեւաբար զարմանալի չէ, որ աճուրդին ընթացքին այդքան սուղ ծախուին որակաւոր պտուղներ… ինչպէս` աւելի քան 13,000 տոլար արժող երկու սեխեր:
- Միջերկրականի կղզիներուն ամէնէն հին երկրագործներու գիւղը գտնուած է Կիպրոսի մէջ: Անիկա գոյութիւն ունեցած է աւելի քան 11,000 տարիներ առաջ: Մօտակայ արեւելքի շրջաններէն եկած գիւղացիներ հաստատուած են կղզիին վրայ, մեր ենթադրած թուականէն աւելի առաջ:
- Միացեալ Նահանգներէն Վըրճինիա նահանգէն բնակիչ մը երկու անգամ շահած է նոյն վիճակաձգութեան ընթացքին: Այս ձեւով, ան շահած է երկու անգամ մէկ միլիոն տոլար: Ան շահելու 5 միլիոնի վրայ մէկ հաւանականութիւն ունէր:
Երբ ան պատկերասփիւռի պաստառին վրայ տեսած է, թէ մէկ միլիոնի երկու շահող թիւեր կային, ան դարձած է մօրը եւ` ըսած, թէ հաճելի կ՛ըլլար, եթէ իրենք ըլլային երկու շահողները:
Հարցում–Պատասխան

4.- Ինչո՞ւ թեւատները կռնակնին արեւուն կը դարձնեն, երբ անոնք կը մսին: ա.- Իրենց աչքերը պահպանելու համար: բ.- Աւելի շուտ տաքնալու համար: գ.- Իրենց մարմնին ջերմաստիճանը իջեցնելու համար:
(Պատասխանները վերջաւորութեան)
Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել վերի անկիւնի պատկերին եւ միւս պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբերութիւնները:
Մանկապատանեկան Էջի Պատասխաններ
1.- 34: Ճամբորդութիւնը տեւեց 1577-ի դեկտեմբերէն մինչեւ սեպտեմբեր 1580:
2.- 3000: Ճիշդ է, որ մժեղները շատ նեղացուցիչ են մարդ արարածներուն համար, բայց անոնք ուտելիքի աղբիւր են անասուններու բազմաթիւ տեսակներու համար, ինչպէս` չղջիկներ, թռչուններ եւ գորտեր:
3.- 350:
4.- Բ: Թեւատին ետեւի փետուրները սեւ են, անոնք տաքութիւնը կը ծծեն, մինչ անոր առջեւի փետուրները ճերմակ են եւ տաքութիւնը կը ցոլացնեն:
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ










