Էն. Պի. Էյ.- Օքլահոմա Սիթի Թանտըր Հանդիսացաւ Արեւմտեան Շրջանի Ախոյեան
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Սան Անթոնիօ Սփըրզ Արեւմտեան շրջանի աւարտականի վեցերորդ մրցումին, երէկ Օքլահոմա 107-99 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ եւ 4-2 արդիւնքով գերազանցելէ ետք իր մրցակիցը, հանդիսացաւ ախոյեան:
Ուշագրաւը այն է, որ անիկա առաջին երկու մրցումներուն պարտութիւն կրելէ ետք Սփըրզէն, յաջողեցաւ արձանագրել չորս յաջորդական յաղթանակ եւ ստեղծել մեծ անակնկալ մը:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 34 կէտ եւ 14 ռիպաունտ:
Այժմ Օքլահոմա պիտի սպասէ Պոսթըն Սելթիքս – Մայեմի Հիթ Արեւելեան շրջանի աւարտականի մրցումին յաղթականին: Այժմ Սելթիքս, որ այսօր պիտի հիւրընկալէ Հիթը, 3-2 արդիւնքով կը յառաջանայ:
CATEGORIES Մարզական

