Պէյրութի Եւ Լեռնալիբանանի Նահանգներու Ֆութպոլի Յանձնախումբերու Ընտրութիւններ. 14 Անձեր Ընտրուեցան` Առանց Մրցակիցի Գոյութեան
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի նահանգներու ֆետերասիոնին յանձնախումբերուն մաս կազմելու համար իրենց թեկնածութիւնը պաշտօնապէս առաջադրեցին հետեւեալ 14 անձերը.
ՊԷՅՐՈՒԹ
Ասաատ Սապլինի, Սամիր Մաժտալանի, Քասեմ Հաժ, Վահէ Հեքիմեան, Մահմուտ Ժապեր, Ալի Ռաֆիհ եւ Ժորժ Ապու Մրատ:
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆ
Եուսեֆ Մարուանի, Ժոզեֆ Ազզամ, Սայիտ Ապտել Խալեք, Ապտել Ռահման Մըզհեր, Փիեռ Սաալ, Միշել Թահումի եւ Հուսամ Ապու Քարում:
Չորեքշաբթի, 13 յունիսը որոշուած էր ընտրութեան թուականը` ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ:
Սակայն, Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ընտրութիւնները ջնջուեցան` նկատի ունենալով, որ վերոնշեալ անձերը ինքնաբերաբար ընտրուեցան մրցակիցի չգոյութեան պայմաններուն մէջ:
CATEGORIES Մարզական

