Երուանդ Պետրոսեանի Երկու Աշխարհը

Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

Հայ գրականութեան անդաստանէն ներս նոր մուտք գործած անուն մը չէ Երուանդ Պետրոսեան: 1968-ին իր հրատարակած «Պատուհան» անուն անդրանիկ գրքոյկէն մինչեւ տարի մը առաջ լոյս ընծայած բանաստեղծական զոյգ հատորները` «Շարժասանդուղքի վրայ» (398 էջ) եւ «Գրքերի երամ» (184 էջ), Երուանդ Պետրոսեան համով-հոտով մանկագիրին եւ սիրերգակ բանաստեղծին անուան կապուած են շուրջ երկու տասնեակ մեծ ու փոքր հրատարակութիւններու մէջ ամփոփուած հարուստ վաստակ մը եւ նոյնքան պայծառ կենսագրութիւն մը: Ան արժանացած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան Ստեփան Զօրեանի (1989) եւ Վախթանգ Անանեանի (2006) անուան «Տարուայ լաւագոյն գիրք», ինչպէս նաեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան «Ոսկէ եղեգն» պետական մրցանակներուն: Սակայն, հակառակ այս խօսուն փաստերուն, առնուազն իբրեւ բանաստեղծ` հանրածանօթ ու սիրուած մանկագիրը մնաց ու ցարդ կը մնայ հսկաներու շուքին տակ, չըսելու համար երկրորդ գիծի վրայ:

Երուանդ Պետրոսեան ամէնէն առաջ ինք քաջ գիտէ, որ հայ արդի բանաստեղծութեան դրօշակիրներուն հետ քայլ պահող եզակի դէմք մը չէ ինք. ո՛չ Ռազմիկ Դաւոյեան է, ո՛չ Հենրիկ Էդոյեան, ո՛չ Արտեմ Յարութիւնեան, ո՛չ Դաւիթ Յովհաննէս, ո՛չ Յովհաննէս Գրիգորեան եւ ոչ ալ Յակոբ Մովսէս կամ Հրաչեայ Թամրազեան: Բարձրերէն սաւառնող արծիւ մը չէ, իսկ գրական մեծ ու յանդուգն ծրագիրները հեռու են իրմէ: Եւ լաւ որ այդպէս է, որովհետեւ բանաստեղծի նուրբ ու քնքոյշ ձայնով, հոգիով ու թրթիռներով օժտուած այս ջինջ ու տաք բանաստեղծը ո՛չ միայն ծանօթ է իր ձայնին քնարական մեղմ ու թովիչ ձայնամակարդակին, այլեւ գիտէ լաւագոյնս օգտագործել իր ձայնին ընձեռած կարելիութիւնները` առանց զուր տեղը կոկորդ պատռելու փորձութեան աւելորդ եւ անիմաստ ճիգին:

Երուանդ Պետրոսեան մէկն է հայ մերօրեայ քնարերգութեան քաղցրաձայն եւ իր յատուկ համն ու բոյրը ունեցող սոխակներէն: Ասիկա փոքր արժանիք մը չէ: Մեծարենցի երգած վայրի ծաղիկին պէս նուրբ ու թափանցիկ, հեզահամբոյր ու հրապուրիչ ծաղիկ մըն ալ ինք է, որուն եւ իր նմաններուն ներկայութիւնը նո՛յնքան կենսական է գրական առողջ ու կենսունակ մթնոլորտի ստեղծման համար, որքան բացառիկ դէմքերուն տիրական ներկայութիւնն ու կողմնորոշիչ դերակատարութիւնը:

Ինք ի՛նք է: Հայ քնարերգութեան դասական աւանդներուն հիմամբ ընթացող պարզ ու հաւատաւոր սիրերգակ բանաստեղծ մը, որուն համար բանաստեղծութիւնը սրտէն բխած խօսքին անմիջական քաղցրութիւնն ու անկեղծութիւնը պէտք է ունենայ եւ թրթռայ ապրումին վարակիչ ջերմութեամբ, թափանցիկ պարզութեամբ ու բաբախուն թելադրականութեա՛մբ: Բանաստեղծութիւն մը տակաւին, որ կ՛ապրի ժամանակին ու վայրին մէջ, կը բացուի իր ժողովուրդը ցնցած ճակատագրական, ընկերային, հոգեմտաւոր ու բարոյական (երկրաշարժ, Ղարաբաղի ազատագրական պատերազմ, անմարդկային յարաբերութիւններ, բարոյական ու քաղաքակրթական արժեչափերու սրընթաց անկում ու ազգային դիմագիծի աղաւաղում…) հիմնախնդիրներուն, կ՛ըլլայ ամէնօրեայ տագնապ ու ցաւ, բողոք ու պոռթկում, մէկ խօսքով` անձնական ու հաւաքական դաժան կենսափորձերով պայծառացած տաք եւ ուժեղ գեղարուեստական համազգային տարեգրութիւն:

«Ժամապահ եմ, գիտեմ, զգօն պիտի լինել,
Պէտք չէ գերի դառնալ երազներին» երգած Ե. Պետրոսեանի 45 տարիներու քերթողական վաստակին ընտիր բանաստեղծութիւնները 398 էջերու մէջ ամփոփած վերոնշեալ ժողովածուն լաւագոյն ապացոյցն է վերեւ նշուած արագ բնութագրումին: Նոյնը կարելի է ըսել «Գրքերի երամ» խորագրեալ իր մանկական բանաստեղծութիւններու հատընտիրին առիթով: Անցեալ դարու 80-ական թուականներէն սկսեալ, փոքրահասակ ընթերցողներուն համար Ե. Պետրոսեանի հրատարակած գիրքերուն յաջողագոյն մանկական բանաստեղծութիւնները ի մի խմբած գեղեցիկ ու թեթեւ կենդանի հատընտիր մըն է նաեւ այս գիրքը: Ինչպէս պիտի սիրէր ըսել ինք` «ժայռի մէջ էլ դուռ բացող» թռչուն-գիրքերու բազմաձայն երգչախումբ մը, որուն երգերը նո՛յնքան քաղցր են ու հրապուրիչ, որքան մեծահասակներուն համար իր սիրտ-բոյնէն թեւաւորուած բանաստեղծութիւնները:

Աւելի՛ն. ազնիւ ու լաւատես, բարի ու հարազատ, զուարթախոհ ու անկեղծ հայ մարդը հոս կը ներկայանայ իր պարզագոյն պատկերով: Հայաստանի բնաշխարհին եւ զայն ու մանկական աշխարհը շնչաւորած ասուն ու անասուն արարածներուն երկրպագու բանաստեղծը կը դառնայ հայրենական արժէքներու եւ ճշմարիտին երգիչը: Առանց բարոյախօսութիւն ընելու` ան իր մանկահասակ ընթերցողներուն կու տայ սիրոյ, հաւատարմութեան, արդարութեան ու նուիրումի հայրական կիսաձայն պատգամն ու խրատները: Եւ կ՛ամբողջանայ բանաստեղծին հարուստ ու ազնիւ յուզաշխարհը` իր երկու աշխարհներուն ներդաշնակ ու անճիգ միահիւսումով: Եւ կը պայծառանայ նաեւ սրտամօտ ու քաղցրաձայն կերպարը Երուանդ Պետրոսեան բանաստեղծին, որ արդարօրէն կը հաստատուի իր ընթերցողներու սրտերուն մէջ` հայ քնարերգութեան լուսանտառին մէջ արմատ ու թռիչք նետելէ առաջ եւ վերջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES