«Իսրայէլ Ազրպէյճանի Հետ Բարեկամութիւնը Բարձր Կը Գնահատէ» Կ՛ըսէ Շիմոն Փերես
Ազրպէյճանական 1new.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես յայտարարած է, որ Իսրայէլ բարձր կը գնահատէ Ազրպէյճանի հետ բարեկամութիւնը, որ կառուցուած է Հայտար Ալիեւի կողմէ դրուած հիմերուն վրայ:
6 յունիսին տեղի ունեցած «Իսրայէլ-Ազրպէյճան» միջազգային ընկերակցութեան երկրորդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին, ազրպէյճանական պատուիրակութիւնը Իսրայէլի նախագահին հետ հանդիպումին ընթացքին անոր արժէքաւոր գորգ մը նուիրած է:
Խորհրդաժողովը, որուն մասնակցած են Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման եւ այլ պաշտօնատար անձեր, տեղի ունեցած է Թել Աւիւի մէջ:
CATEGORIES Միջազգային


