Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Յայտնէ. Երկինքին Վրայ Երեւցած Անծանօթ Լուսաւոր Մարմինը Ռուսական Հրթիռի Փորձարկում Մըն Էր
Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիա հրթիռի մը փորձարկումը կատարած է, եւ Հայաստանի, Թուրքիոյ, Կիպրոսի, Լիբանանի, Յորդանանի, Իրանի եւ շրջանին մէջ այլ երկիրներուն մէջ հինգշաբթի գիշեր երկինքի վրայ երեւցած անծանօթ լուսաւոր մարմինը հրթիռի փորձարկում մըն էր:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Վլատիմիր Քովալ յայտնեց, որ Ռուսիոյ հրթիռներու ռազմավարական ուժերը միջցամաքային «Թոփոլ» հրթիռի յաջող փորձարկում մը կատարած են` նշելով, որ անոր նպատակը հրթիռներուն թեքնիք իւրայատկութեանց ճշգրտութեան հաստատումն էր:
Հիւսիսային Իսրայէլի մէջ ոստիկանութեան բանբերը իր կարգին նշեց, որ ոստիկանատունը շրջանի բնակիչներէն երկինքի վրայ իր ետին թանձր մուխ ունեցող լուսաւոր մարմինի մը երեւման մասին հարիւրաւոր հեռաձայններ ստացած է, ուստի իսրայէլեան օդուժը տեղեակ պահած է հարցը ստուգելու:
Նշենք, որ լիբանանեան տարբեր շրջաններէն տեսնուած ռուսական հրթիռը երկնաքարի կամ ասուպի հետ շփոթուած էր:


