Շնորհահանդէս` «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի ԼԲ. Հատորին

Չորեքշաբթի, 6 յունիս 2012-ին, լիբանանահայ մտաւորականութիւնը անգամ մը եւս ներկայացաւ իր տարեկան ժամադրութեան` «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի շնորհահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ համալսարանի հանդիսասրահին մէջ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի պատասխանատու քարտուղար դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ ողջունեց ներկաները եւ յայտնեց խմբագրական կազմին գոհունակութիւնը անգամ մը եւս հայագէտին ու ընթերցողին սեղանին հանդէսի հերթական թիւը ճշդապահութեամբ կարենալ դնելու համար: Ապա Տագէսեան ներկայացուց օրուան բանախօսը` Դամասկոսէն յատկապէս այս առիթով ժամանած պատմաբան դոկտ. Նորա Արիսեանը:

Դոկտ. Արիսեան արագ, բայց համապարփակ կերպով ներկայացուց սփիւռքի մէջ հայագիտութեան այսօրուան կացութիւնն ու անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները, անդրադարձաւ այդ առումով մանաւանդ Միջին Արեւելքին, ուր լոյս կը տեսնեն 3 հայագիտական հանդէսներ, կը գործեն տարբեր մակարդակի ամպիոններ: Ան հայագիտութիւնը իրաւամբ նկատեց «ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող գիտական համակարգ մը, որ անհրաժեշտութիւն է այսօր նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ… մանաւանդ երբ այնտեղ կը նկատուի հետաքրքրութիւններու աճ թրքագիտութեան եւ ազրպէյճանագիտութեան նկատմամբ»: Այս առումով ան կարեւոր նկատեց Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի բացումը:

Ներկայացնելով «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի գիտական սկզբունքները` դոկտ. Արիսեան հանդէսին հրատարակութիւնը դիտարկեց «համազգային շրջագիծին մէջ»` հաստատելով, որ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ը իր նպատակին ծառայած է, այնքան ատեն որ ներգրաւած է սփիւռքի թէ հայրենիքի աշխատակիցներու նման խաւ մը, որ կը ներկայացնէ հայ մտաւորականութեան ներկայ պատկերը, եւ յաջողած է հայ ընթերցողին եւ հետազօտողին մատուցել այժմէական կշիռ ունեցող նիւթեր»: Ան նաեւ նշեց, որ «հանդէսին արժանիքը կը կայանայ Միջին Արեւելքի հայագիտական հոլովոյթի համաթեքսթին մէջ, ուր ան կը ներկայանայ իբրեւ ցուցանիշ հայագիտութեան գոյատեւման եւ միեւնոյն ժամանակ կ՛իրականացնէ սփիւռք – Հայաստան հայագիտութեան կամրջումը»:

Բանախօսութենէն ետք, սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուեցաւ Հայկազեան համալսարանի սոյն տարեշրջանին հայկական գործունէութիւնը:

Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր հ. Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան, հայ տպագրութեան 500-ամեակի մթնոլորտին մէջ արժեւորեց «Ուրբաթագիրք»-ն ու Յակոբ Մեղապարտի գործը` իբրեւ ժամանակակից աշխարհի յառաջընթացին համաքայլ նուաճում, եւ այդ յատկութիւնը նկատեց «հայ ազգին դարերէ ի վեր մշակած ու պահպանած մտաւորական դիմագիծ-յատկանիշը»: 1512-էն առաջ ու ետք հայութեան քաղաքակրթական բոլոր ձեռքբերումները, ընդհուպ մինչեւ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի հրատարակութիւնը, վարդապետը համապատասխան նկատեց Աստուծմէ հայ ժողովուրդին տրուած ձիրքերուն ու կարողութիւններուն:

Եզրափակիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ համալսարանի նախագահը` վրդ. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ ընդգծեց հանդէսի խմբագրութեան անդրադարձը «21-րդ դարու հրամայականին` հինէն նորին անցնելու` ելեկտրոնային եղափոխութեան անհրաժեշտութեան»: Ան այսպիսի հրատարակութիւններու առընթեր կարեւոր նկատեց նաեւ այսօրուան հայ պատանիին ու երիտասարդին մտքին ու կենցաղին, երեւակայութեան ու ճաշակին, գործելակերպին ու մթնլորտին ամրապնդումը ազգային եւ բարոյական արժէքներով, որպէսզի շուտով չկորսնցնենք հին ու նոր կերպերով լոյսին ընծայուած մեր անցեալի բազմակողմանի գիտութիւններն ու միտքերը:

Հուսկ վեր. Հայտոսթեան, հայր Կռանեան, դոկտ. Արիսեան եւ խմբագրական կազմի անդամները հատեցին կարկանդակը եւ հանդիպումը շարունակուեցաւ զրոյցներով:

Share this Article
CATEGORIES