Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը
Երէկ` ուրբաթ, 8 յունիս 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Փոլ Ռուհանան: Այցելութեան նպատակն էր յառաջիկայ շաբաթ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին Գործադիր վարչութեան ժողովի օրակարգի ճշդումը եւ անոր առնչուած հարցերուն քննարկումը: Յայտնենք, որ անցեալ տարի Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած էր յիշեալ խորհուրդի համաժողովը եւ որուն աւարտին ընտրուած էր նոր Գործադիր վարչութիւն: Յառաջիկայ երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օրերուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումը առաջինն է Գործադիր վարչութեան աշխատանքային հանդիպման: Վեհափառը Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահներէն մէկն է:
Հանդիպման ընթացքին խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը վեհափառին զեկուցեց յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ խորհուրդին կատարած մարդասիրական աշխատանքներուն մասին: Վեհափառը գնահատելով կատարուած աշխատանքը շեշտեց, որ ծառայութիւնը ըլլալով եկեղեցւոյ կոչումը, անհրաժեշտ է աւելի կազմակերպ ու ազդու կերպով զայն կատարել յատկապէս այս օրերուն, երբ քրիստոնեայ համայնքներ կը գտնուին հսկայական կարիքներու եւ մարտահրաւէրներու դիմաց:

