Փրոֆ. Հ. Լեւոն Զէքիեան Այցելեց «Ազդակ»
Երէկ յետմիջօրէին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ շատ շահեկան զրոյց մը ունեցաւ հայագիտութեան մարզին մէջ սփիւռքահայ ամէնէն վաւերական դէմքերէն փրոֆ. հ. Լեւոն Զէքիեան, որ կարճատեւ այցելութեամբ կը գտնուի Լիբանան:
Փրոֆ. Զէքիեան արծարծեց հայագիտութեան վերաբերող ներկայ խնդիրներ, արեւմտահայերէնի այսօրուան պարզած պատկերն ու հետագայ աշխատանքներու կարեւորութիւնը, սփիւռքահայ մամուլի դիմագրաւած մարտահրաւէրները, Եւրոպայի եւ յատկապէս Իտալիոյ մէջ ազերիագիտութեան հաստատման միտող քայլերը եւ ցեղասպանագիտութեան վերաբերող նոր մօտեցումներու երեւոյթները:
Փրոֆ հ. Լեւոն Զէքիեան իր յառաջիկայ Լիբանան այցելութեան «Ազդակ»-ի լսարանին պիտի զեկուցէ այս հարցերուն մասին:
CATEGORIES Գաղութային

