Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի Ամավերջի Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին, երէկ` ուրբաթ, 8 յունիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Թ. Ռոսլին» դպրոցի աշակերտներու ամավերջի ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ արուեստագէտներու, արուեստասէրներու, միութենականներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատու Հրաչ Այնթապեան, որ նշեց, թէ այս ցուցահանդէսը դպրոցի աշակերտութեան գործունէութիւնը ցուցադրող եւ արժեւորող առիթ մըն է, որուն ընթացքին ծնողները մօտէն կը ծանօթանան իրենց զաւակներուն գործունէութեան:
Ապա Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան անունով խօսք առաւ Լուսիկ Աֆարեան, որ նշեց, թէ «Թ. Ռոսլին»ը կը միտի բացայայտել աշակերտներու բնածին տաղանդներն ու ձիրքերը, որոնք յաճախ թաքնուած կ՛ըլլան:
Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր աշակերտի կարողականութիւնը բացայայտելու աշխատանքին մէջ նաեւ ծնողները ունին իրենց պարտականութիւնը` քաջալեր հանդիսանալ զաւակներուն եւ զանոնք առաջնորդել Համազգային: Աֆարեան յոյս յայտնեց, որ աշակերտներու այս ցուցահանդէսի գործերը ապագային վերածուին մեծ գործերու, որոնք չեն կորսուիր, այլ` կը մնան իբրեւ հունտ մեծ գործերու մէջ` ծաղկելու համար:
Այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեան, որ նախ եւ առաջ խօսեցաւ «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի հիմնադրութեան մէջ Գրիգոր Շահինեանի ունեցած մեծ դերակատարութեան մասին:
Թորոսեան նշեց, որ «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի հիմնադրութեան օրերուն` 1980-ական թուականներուն գոյութիւն ունէր հաւատք, որ պիտի յայտնուին քանի մը անուններ, եւ երեսուն տարի ետք արդէն ունեցանք Գրիգոր Սագայեան եւ Մոսիկ Կիւլոյեան, որոնք «Թ. Ռոսլին»-էն մեկնեցան Վենետիկ` կատարելագործելու իրենց ուսումը: Յարութիւն Թորոսեան յոյս յայտնեց, որ Համազգայինի այս տարուան ցուցահանդէսէն նոյնպէս ապագային յայտնուին նոր գեղանկարիչներ` շնորհիւ հայ ժողովուրդին եւ մանաւանդ Համազգայինի նուիրեալ անդամներուն:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսին ներակայացուած էին «Թ. Ռոսլին» դպրոցի 109 աշակերտներու գործերը` դպրոցական կրթական ծրագիրին համապատասխանող նիւթերով եւ ոճերով: Աշակերտական գործերուն մէջ ակներեւ էին շունչն ու ոգին, դպրոցի կրթական ծրագիրի կազմակերպուածութիւնն ու տարուած գնահատելի աշխատանքը:
Ցուցահանդէսը բաց է նաեւ այսօր, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:





