Անթիլիասի Մէջ Բացում` Հայ Հնատիպ Գիրքերու Եւ Մամուլի Ցուցահանդէսի
Հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին երէկ` ուրբաթ, 8 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը հայ հնատիպ գիրքերու եւ մամուլի ցուցահանդէսին` հայ տպագրութեան 500-ամեակին առիթով: Ձեռնարկին ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան հայրեր, դպրեվանքի սաներ եւ լիբանանահայ մտաւորականներ:
Բացման խօսքը արտասանեց դպրեվանքի աւարտական դասարանէն Միքայէլ Ա. սրկ. Սարգիսեան: Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով ելոյթ ունեցաւ Ժիրայր Դանիէլեան: Պատգամը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս:
Ձեռնարկին մանրամասնութիւնները կու տանք հետագային:
CATEGORIES Գաղութային

