Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ ԶՈՄ-Ին Լիբանանահայութիւնը Պուրճ Համուտէն Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ջաւախքին
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) երէկ` ուրբաթ, 8 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնին առջեւ տեղի ունեցաւ Ջաւախքի զօրակցութեան հաւաք մը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի նեկայացուցիչ Օշին Ա. քհնյ. Գէորգեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան եւ մեծ թիւով լիբանանահայեր:
Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգնելու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, լիբանանահայութիւնը երէկ առաջին անգամ ըլլալով հրապարակաւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Ջաւախքին, Պուրճ Համուտի մէջ ծածանիլ տուաւ Ջաւախքի դրօշը եւ ստացաւ պրակներ, որոնց նպատակն էր Ջաւախքը իր քարտէսով, զինանշանով, բնակչութեան թիւով, աշխարհագրութեամբ եւ պատմականով ծանօթացնել լիբանանահայուն:
Ջաւախահայութեան զօրակցութեան այս հաւաքին ԶՈՄ-ի անունով բացման խօսք արտասանեց Հրակ Փափազեան:
Ան նշեց, որ լիբանանահայութիւնը Պուրճ Համուտէն իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Ջաւախքին, որ հեռու է իրմէ եւ որ կրնայ ոմանց համար անծանօթ ըլլալ:
Հ. Փափազեան շեշտեց, որ թէեւ Ջաւախքը այսօր անկախ Հայաստանի սահմաններէն դուրս կը գտնուի, սակայն ան միատարր հայաբնակ հողամաս է:
Ան ներկայացուց ջաւախահայութեան դիմագրաւած դժուար պայմանները, որոնց շրջագիծին մէջ հայերը հեռացուած են պետական պաշտօններէ, կը տառապին անգործութենէ, հայ քաղաքական գործիչները կ՛ենթարկուին հալածանքի ու ձերբակալումի, հայ աշակերտը կը զրկուի հայերէնի ուսուցումէ, իսկ այս բոլորին դիմաց վրացական իշխանութիւնները ծրագրուած կերպով թուրքեր կը բնակեցնեն այդ հողերուն վրայ:
Հ. Փափազեան շեշտեց նաեւ, որ միայն ինքնավարութեամբ Ջաւախքը կրնայ յաղթահարել իր դժուարութիւնները:
«Սակայն այս բոլորէն առաջ, մեզի համար գլխաւոր հրամայականը կը մնայ նախ եւ առաջ Ջաւախքը ճանչնալը եւ Ջաւախքի հարցին ծանօթանալը», ըսաւ ան:
Ջաւախքի զօրակցութեան հաւաքին պատգամը փոխանցեց օրուան բանախօս Բենիամին Պչաքճեան, որ շեշտեց, թէ Ջաւախքը պատմական Հայաստանի մէկ անբաժան մասն է` աւելցնելով, որ անոր տխուր իրավիճակն է, որ կը համախմբէ լիբանանահայութիւնը եւ կը մղէ զայն իր հաւաքական ձայնը բարձրացնելու ու Ջաւախքի ինքնավարութիւնը պահանջելու:
«Դարերէ ի վեր իր պապենական հողին վրայ ապրած ու ստեղծագործած մեր ժողովուրդի մէկ հատուածին ապրուստի ծանր ու թշուառ պայմաններն են, տնտեսական իրավիճակին մութ ու անհեռանկար ճակատագիրն է, լիիրաւ քաղաքացիի ոտնակոխուած իրաւունքներն են, իր պատմութեան ու մշակոյթին ծանօթանալու պետական կաշկանդումներն են, իր համայնքային ու տեղական կեանքը կազմակերպելու արգելքներն են, որոնք մեզ բոլորս կը մտահոգեն», ըսաւ Բ. Պչաքճեան:
Ան ներկայացուց Ջաւախքի այսօրուան տնտեսական պայմանները եւ հետզհետէ վատթարացող քաղաքական պայմանները:
Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ այն իրականութեան, որ Վրաստանը կարեւոր է ու կենսական Հայաստանի համար` անոր զուգահեռ նշելով նաեւ վրացական իշխանութիւններուն վարած անարդար քաղաքականութիւնը Ջաւախքի հայութեան նկատմամբ:
Իր խօսքին մէջ Բ. Պչաքճեան ակնարկեց նաեւ թրքական գործօնին եւ ըսաւ. «Թուրքիան, որ Անդրկովկասը կը տեսնէ իբրեւ տարանցիկ գօտի` դէպի համաթուրանական իր ծրագիրներու իրագործում, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի տնտեսական ու զինուորական օժանդակութիւններ տրամադրելով ու զանազան մարզերու մէջ գործակցութեան համաձայնագիրներ կնքելով կը ձգտի մէկ կողմէ Հայաստանի շրջափակումը պահելով զայն մեկուսացնել շրջանային զարգացման ոլորտէն ու տարանցիկ հաղորդակցութեան ճամբաներէն, իսկ միւս կողմէ նոր պայմաններու լոյսին տակ իր աշխարհաքաղաքական դիրքը վերարժեւորել իբրեւ շրջանային կարեւոր մէկ ուժ»:
Բ. Պչաքճեան հակիրճ կերպով ներկայացուց նաեւ Ջաւախքի պատմականը եւ աշխարհագրական տուեալներ ներկայացուց անոր մասին` ընդգծելով իր հողին, մշակոյթին, ազգային աւանդութիւններուն ու մայրենի լեզուին կառչած ըլլալու ջաւախահայուն նկարագիրը:
«2003-ի վերջերը, Վարդերու յեղափոխութեամբ» իշխանութեան հասած այսպէս կոչուած «ժողովրդավարական սկզբունքներուն հաւատացող ու արեւմտեան արժէքներուն ձգտող» նոր ղեկավարները ամբողջութեամբ որդեգրեցին նախկիններու ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ գործադրած խտրական քաղաքականութիւնը: Այս պայմաններուն տակ ինքնավարութիւնը լաւագոյն լուծումը պիտի ըլլայ», եզրափակեց Բ. Պչաքճեան:
Գեղարուեստական յայտագիրին ծիրին մէջ, Շաղիկ Յովսէփեան ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Քելէ Լաօ» բանաստեղծութիւնը:
Ապա Համազգայինի կիթառահարներու համոյթը` ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի, հնչեցուց «Արիւնոտ դրօշ»-ը:
Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ չորս երգերու` «Մենք անկեղծ զինուոր ենք», «Հայրիկին երգը», «Գետաշէն», եւ «Համբերէ» նուագներով, որոնք հնչեցին Հրակ Գալեմքերեանի կիթառով, Գէորգ Մանուկեանի տուտուկով եւ Արամ Փափազեանի տհոլով:
Հրակ Գալեմքերեանի կատարողութեամբ հնչեց նաեւ «Արի իմ սոխակ» երգը:
Գեղարուեստական յայտագիրին յաջորդեց Ջաւախքի եւ ջաւախահայութեան մասին տեսերիզի ցուցադրութիւն մը:
Հաւաքին փակումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կատարած «Հայ կամաւորական գունդերու» քայլերգով:





