Սուրիոյ Շուրջ Շփման Խմբակի Կազմութեան Գաղափարը Թափ Կը Ստանայ
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սուրիոյ տագնապին առնչակից երկու կողմերուն կոչ ուղղեց անմիջապէս բռնարարքները դադրեցնելով` ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի խաղաղութեան ծրագիրը գործադրելու:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ «կը կարծեմ, որ սուրիական կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը պարտաւոր են տէր կանգնիլ հրադադարի հաստատման եւ բռնարարքները արգիլելու իրենց պարտաւորութեանց»` շեշտելով, որ «պատասխանատուութիւնը անոնց ուսերուն է, որովհետեւ այդ յանձնառութիւնը խոստացան»:
Ան նշեց, որ ըստ Չինաստանի, ներկայ պայմաններու լոյսին տակ Անանի միջնորդութեան կարեւորութիւնը չէ նուազած, այլ աճած է` աւելցնելով, որ բոլոր կողմերուն Անանի նկատմամբ զօրակցութիւնը նուազելու փոխարէն պէտք է աւելնայ:
Թուրք դիւանագէտներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է իր չինացի պաշտօնակից Եանկ Ժիչշիի հետ եւ այլ հարցերու կողքին քննարկած է նաեւ Սուրիոյ տագնապի հարցը: Տաւութօղլու իր պաշտօնակիցին փոխանցած է Սուրիոյ վերջին զարգացումներուն նկատմամբ Անգարայի մտահոգութիւնը` իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով «սուրիացի քաղաքայիններուն դէմ ջարդերու թիւի աճին վրայ»:
Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի անդամ Ճօ Լիպըրման իր պաշտօնակից Ճօ ՄըքՔէյնի հետ նիստի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգին դէմ օդային հարուածները կացութիւնը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ պիտի շրջեն: Ան ամերիկեան վարչակազմին կոչ ուղղեց` այդ ուղղութեամբ շարժելու:
Երկու ծերակուտականները քննադատեցին սուրիական տագնապի լուծման զինուորական ընտրանքը բացառող ամերիկեան վարչակարգը: Լիպըրման նշեց, որ «ժամանակը հասած է, որ Միացեալ Նահանգներ որդեգրուելիք ուղին ցոյց տան»:
Vz.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի երեք ժամ տեւած դռնփակ խորհրդակցութիւններէն ետք յայտարարած է, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման քանի մը տարբերակ գոյութիւն ունի: Ան նաեւ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմէ մը զգուշացուցած է:
Ըստ անոր, Ռուսիա Ապահովութեան խորհուրդին առաջարկած է Սուրիոյ հարցով կազմակերպել խորհրդաժողով մը, որուն պէտք է հրաւիրել նաեւ Իրանը: Ժողովին մասնակից այլ կողմեր ալ տագնապի լուծման շփման խումբերու ստեղծման ի նպաստ արտայայտուած են:
«Ասոնք շատ արժէքաւոր գաղափարներ են, սակայն տակաւին սկզբնական հանգրուանի մէջ են` մասնակիցներու, արժէչափերու եւ նպատակներու տեսանկիւնէն», ըսած է Քի Մուն:
Անան իր կարգին զօրակցած է Սուրիոյ հարցով բանակցութիւններուն Իրանը հրաւիրելու Ռուսիոյ առաջարկին: «Այժմ կը քննարկուի ստեղծման հարցը շփման խումբերու, որոնց մէջ պիտի ընդգրկուէին այն երկիրները, որոնք ունակ են ազդելու կողմերէն իւրաքանչիւրին` ե՛ւ կառավարութեան, ե՛ւ ընդդիմութեան վրայ», ըսած է ան:
Անան յայտնած է, որ Ապահովութեան խորհուրդը քննարկած է նաեւ, թէ ինչ պէտք է ընել, որպէսզի կեանքի կոչուի իր ծրագիրը, եւ ինչպիսի՛ն պիտի ըլլան հետեւանքները, եթէ անիկա չիրականացուի: Ան կացութեան անմիջական պայթումէ մը զգուշացուցած է:
Նիստին մասնակցած էր նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի, որ կոչ ուղղած է «անյապաղ միջոցներու ձեռնարկելու»` միեւնոյն ժամանակ բացառելով զինուորական գործողութիւնները:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը իր տեղեկութիւնը Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութենէն քաղելով երէկ հաղորդեց, որ Ֆրանսա կը զօրակցի Սուրիոյ շուրջ շփման նոր խմբակի մը կազմութեան:
Միւս կողմէ, Ռիֆ Տիմաշքի Քըտսիա շրջանին մէջ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումը երէկ 2 զոհ եւ շարք մը վիրաւորներ պատճառեց: Յիշեցնենք, որ հինգշաբթի օր սուրիական Քուպէյր գիւղին մէջ 78 խաղաղ բնակիչ սպաննուած էր:

