Միացեալ Նահանգներ Կը Փափաքին, Որ Թուրք-Իսրայէլեան Յարաբերութիւնները Վերականգնին

Մարք Թոնըր

Միացեալ Նահանգներ փափաք յայտնեցին, որ վերականգնին Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները, որոնք թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէմ իսրայէլեան յարձակումէն ետք լարուածութեան իրենց վատթարագոյն վիճակին մատնուեցան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր լրագրողներուն յայտնեց, որ «երկու երկիրները Միացեալ Նահանգներու մեծագոյն դաշնակիցներէն են եւ կարեւոր է, որ կարենան միասին գործել` ի շահ շրջանին»:

Share this Article
CATEGORIES