Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել Մոսկուայի մէջ ընդգծեց Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ փոխադարձ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Շարպել հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Մոսկուայի մէջ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ` մաղթելով, որ Սուրիոյ մէջ կարելի ըլլայ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել, որպէսզի ան իր ազդեցութիւնը ունենայ նաեւ Լիբանանի վրայ:
ՄՔԱԼԼԵՍԻ «Ըրպըն Սթիւտիօ» անունը կրող գործարանին մէջ հրդեհ մը բռնկեցաւ: Հրդեհը պատճառեց նիւթական մեծ վնասներ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին նկատմամբ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կեցուածքը տխրութիւն կը պատճառէ, ինչպէս նաեւ ամօթալի է եւ ծիծաղելի: Ան նշեց, որ Սուրիոյ տագնապը բաւական բարդ է:
ԿԸ նախատեսուի, որ կառավարութիւնը յունիսի կիսուն 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը յղէ խորհրդարան:
ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ընկերութեան սարակները կը խոստանան մագլցողական քայլերու դիմել յառաջիկայ երեքշաբթի, 12 յունիսին: Միւս կողմէ, Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ քաղաքացիները յառաջիկայ հանգրուանին պիտի ստիպուին մէկէ աւելի ստացագիրներ վճարել` ելեկտրական հոսանք ստանալու իրենց բաժանորդագրութեան իբրեւ պարտաւորութիւն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ շեշտեց, որ արաբական երկիրներն ու Թուրքիան կը փափաքին հիւսիսային Լիբանանը վերածել սուրիական ընդդիմութեան թիկունքային խարիսխին: Ան հաստատեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին քննարկուելիք միակ թղթածրարը ընտրական օրինագիծն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ իսրայէլեան 5 օդանաւեր թռիչքներ գործած են հարաւային Լիբանանի վերեւ` խախտելով երկրին գերիշխանութիւնն ու ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ կառավարութեան նիստը եղած է առիթ մը արտացոլելու կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական կողմերուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը:
ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ գործուող սուրիական յարձակումները պատճառ պիտի չդառնան, որ լիբանանցին վերջ տայ սուրիացի գաղթականներուն իր մատուցած օժանդակութիւններուն:
ՄԵՍՈՒՏ Աշքար դրուատեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին դերակատարութիւնը եւ կոչ ուղղեց զօրակցելու լիբանանեան բանակին ու պահպանելու զայն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին քաղաքական բոլոր ուժերուն մասնակցութեան կարիքը մեծ է եւ պէտք չէ այդ մասնակցութեան նախապայմաններ ճշդել:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար յայտնեց, որ Թրիփոլիի ապահովական կացութիւնը շատ լաւ է` աւելցնելով, որ այդ շրջանին բնակչութիւնը կը գիտակցի արիւնահեղութեան վերջ տալու կարեւորութեան:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի բացակայի Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստէն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ շեշտեցին, որ իրենք յանձնառու են հարցերը գետնի վրայ լուծելու եւ ոչ թէ ժամանակի կորուստ նկատուող երկխօսութեանց մասնակցելու:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հանդիպումը պիտի կատարուի վաղը: Կը նախատեսուի, որ հանդիպումին յաջորդէ մամլոյ ասուլիս մը:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ընդդիմութեան աղբիւրները «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիա պիտի ռմբակոծէ լիբանանեան այն շրջանները, ուրկէ օժանդակութիւն կը հասնի սուրիական ընդդիմութեան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին նկատմամբ կուսակցութեան կեցուածքը ուղղակիօրէն առնչուած է զէնքի հարցին եւ ոչ թէ այլ հարցերու:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովութեան պատասխանատուութիւնը լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն պարտականութիւնն է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ բոլորին պարտականութիւնն է մասնակցիլ Ազգային երկխօսութեան նիստին` լուծելու համար Լիբանանի դիմագրաւած հարցերը:

