Էօզեըլտըզ Այցելեց Ռայի Պատրիարքին Եւ Սինիորայի
Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան յառաջիկայ ամսուան ընթացքին Ռայի պատրիարքին Թուրքիա կատարելիք այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները:
Միւս կողմէ, «Սատաթ Թաուըր»-ի մէջ Էօզեըլտըզ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան

