Ղասսան Թուէյնի Ոչ Եւս Է

Ղասսան Թուէյնի

Լիբանանեան լրագրութեան սիւներէն Ղասսան Թուէյնի երէկ մահացաւ սուգի մատնելով Լիբանանը, լիբանանեան լրագրութեան մարզը եւ յատկապէս «Նահար» օրաթերթն ու անոր խմբագրութիւնը:

«Նահար»-ի խմբագրապետ Ղասսան Թուէյնի իր կեանքէն 86 տարի բոլորելէ ետք այսօր պիտի յանձնուի հողին` իր մահով կորուստ բերելով ոչ միայն երկրին լրագրութեան, այլ նաեւ` քաղաքական եւ դիւանագիտական մարզին:

Թուէյնի Ծնած է 5 յունուար 1926-ին: 21 տարեկանին կը կորսնցնէ իր հայրն ու կը ստանձնէ «Նահար» օրաթերթին խմբագրապետութիւնը եւ անոր հիմնական առաջին աշխատանքը կ՛ըլլայ Պաղեստինի իրադարձութիւններուն անդրադարձը` 1948-ին:

Ղ. Թուէյնի, որ քաղաքական գիտութեան ճիւղին հետեւած է եւ աւարտած Հարվըրտ համալսարանը, քաղաքական կեանքին մաս կազմած է անդամակցելով Ղովմի կուսակցութեան: Ան 24 տարեկանին ընտրուած է Ալէյի շրջանի երեսփոխան:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին, երբ Թուէյնի ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի ներկայացուցիչ դեսպան էր, ՄԱԿ-ի ամպիոնէն յայտարարած է. «Թո՛յլ տուէք, որ ժողովուրդս ապրի»:

ՄԱԿ-ի մէջ Թուէյնի մշակած է թիւ 425 բանաձեւը, որ կը պահանջէ Լիբանանէն իսրայէլեան ուժերուն հեռացումը:

Լրագրական իր կեանքին մէջ յանդուգն     կեցուածքներու տէր Ղասսան Թուէյնի հարցեր ունեցած է նախագահներու ու ղեկավարներու հետ եւ ան իր կեցուածքներուն համար բազմիցս բանտարկուած է:

Ղասսան Թուէյնի իր հոգիին մէջ վառ պահած է լրագրողի ոգին:

Իր զաւկին` նախկին երեսփոխան Ժըպրան Թուէյնիի յուղարկաւորութեան ընթացքին, Ղասսան Թուէյնի կոչ ուղղեց ատելութիւնը թաղելու Ժըպրանի հետ եւ երբեք վրէժխնդրութեան մասին չմտածելու:

Երեսփոխան Նէյլա Թուէյնի իր մեծ հօր` Ղասսան Թուէյնիի մասին յայտնեց, որ ան դպրոց մը եղած է իրենց համար եւ սորվեցուցած իրենց` դժուարութիւնները դիմագրաւելու կամք եւ հզօրութիւն ունենալ, ինչպէս նաեւ լրագրութիւնը որդեգրել եւ ընդունիլ իբրեւ առաքելութիւն եւ ոչ թէ պարտականութիւն:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի գուժեց Թուէյնիի մահը` շեշտելով, որ ան անմահ պիտի մնայ «Նահար» օրաթերթին ընդմէջէն:

Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք ցաւակցութիւն կը յայտնէ

Պըրրի հաստատեց, որ Թուէյնի հիմնած է ազգային երկխօսութեան գաղափարը աւելի քան 60 տարի առաջ եւ ինք եղած է այդ երկխօսութեան մասնակից կողմերէն մէկը:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի խոր կսկիծով գուժեց Ղասսան Թուէյնիի մահը` ընդգծելով, որ անոր մահով մեծ կորուստ պիտի կրէ երկրին քաղաքական եւ դիւանագիտական կեանքը:

Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք շեշտեց, որ Թուէյնիի մահով Լիբանան կորսնցուցած է առաջին կարգի լրագրող մը եւ դիւանագէտ մը, եւ այդ կորուստին դիմաց պէտք է մնայուն կերպով դասեր քաղենք Թուէյնիէն` պահպանելու համար Լիբանանի ազգային միասնականութիւնն ու միացեալ Լիբանանը:

Թուէյնիի մահը գուժեցին նաեւ մամլոյ եւ խմբագիրներու սենտիքաները:

Share this Article
CATEGORIES