«Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Շինիչ Ըլլայ» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Վեսթըրֆելէ եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ հովանաւորեց «Ինսիատ» հիմնարկի ուսանողներուն տարեկան նիստը, որուն ընթացքին ան հաստատեց, որ ընդդիմութիւնը պէտք է շինիչ ըլլայ:

Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ պետութեան դէմ պէտք չէ գործել, այլ` պէտք է պահպանել զայն: Ան դիտել տուաւ, որ կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններ կը փորձեն իրենց անձնական շահերը ապահովել` նշելով, որ անոնք սխալ ընթացքի մէջ են:

Միքաթի յայտնեց, որ կարեւորագոյնը պետութեան պահպանումն է, որովհետեւ կառավարութիւններ կու գան ու կ՛երթան, սակայն պետութիւնն է, որ կը մնայ եւ պետութիւնն է հիմքն ու մեր բոլորին հեղինակութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց քաղաքացիական շարժումի մը` Լիբանանը հեռու պահելու շրջանային տագնապներէն եւ առիթ չտալու, որ այս կամ այն կողմը միջամտէ Լիբանանի ներքին հարցերուն եւ կամ Լիբանանը ինք միջամուխ դառնայ այլոց հարցերուն, յատկապէս սուրիական իրադարձութիւններուն:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթըրֆելէի հետ: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Վեսթըրֆելէ յայտնեց, որ Լիբանանի կայունութիւնը Գերմանիոյ համար շատ կարեւոր է` աւելցնելով, որ Սուրիոյ իրադարձութիւնները շրջանին եւ յատկապէս Լիբանանի վրայ իրենց ազդեցութիւնները կ՛ունենան:

Վեսթըրֆելէ ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ տակաւին կարելի է քաղաքական միջոցներով լուծել տագնապը:

Միւս կողմէ, Վեսթըրֆելէ ողջունեց հանրապետութեան նախագահին Ազգային երկխօսութեան նիստի հրաւէրը: Ան երկխօսութիւնը կարեւոր նկատեց լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը եւ համախոհութիւնը ամբողջացնելու:

Նշենք, որ «Սաֆիր»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութեան երէկուան նիստը ընթացած է դրական մթնոլորտի մէջ: Ան մաղթեց, որ այդ նիստը ըլլայ կառավարական արդիւնաբեր նիստերու բացումը ապահովող սկիզբ մը:

Share this Article
CATEGORIES