Նախագահ Սլէյման Կը Հետապնդէ Ազգային Երկխօսութեան Նիստին Նախապատրաստական Աշխատանքները

Նախագահ Սլէյման եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շարունակեց նախագահական պալատին մէջ տեղի ունենալիք Ազգային երկխօսութեան նիստին նախապատրաստութիւնները:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու նախագահ Սլէյմանի Սէուտական Արաբիա կատարած վերջին այցելութեան արդիւնքները:

Հանդիպումին ընթացքին Ասիրի վերահաստատեց Լիբանանին զօրակցելու Ռիատի նախանձախնդրութիւնը` հաստատելով, որ Լիբանան պէտք է պահպանէ իր գերիշխանութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը:

Ան նշեց, որ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն մասնակցութիւնը զուտ լիբանանեան խնդիր է, որուն Սէուտական Արաբիա միջամուխ չ՛ըլլար:

Ասիրի հաստատեց երկկողմանի յարաբերութիւնները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որ ողջունեց հանրապետութեան նախագահին կողմէ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն յղուած Ազգային երկխօսութեան նիստի հրաւէրը:

Հանդիպումէն ետք Բրիտանիոյ դեսպանատան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը համաձայն նշուեցաւ, որ Ազգային երկխօսութեան նիստ կայացնելու լիբանանցի ղեկավարներուն յանձնառութիւնը ցոյց կու տայ, որ անոնք պատրաստ են միասնաբար գործելու` պահպանելու համար Լիբանանի կայունութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ նաեւ, որ Բրիտանիա անհրաժեշտ կը նկատէ Լիբանանի գերիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի պահպանումը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց պետական քննութիւններուն պատրաստուելու ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներու նշանակումը:

Նախագահ Սլէյման երկրին ապահովական իրադարձութիւնները քննարկեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES