Ինքնավար Ջաւախք` Դաշնակցային Դրութեան Մէջ
Ջաւախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր դաշնակցական ուսանողութեան զօրակցական ձեռնարկը իր վրայ կը կեդրոնացնէ խորհրդածութիւններու շարք մը, որ յամենայնդէպս կարեւոր է համազգային խնդիրներու հետապնդման մեր ընդհանուր ուղիներու հունաւորման տեսակէտէն:
Նախ անշուշտ դաշնակցական ուսանողութեան նախաձեռնողականութիւնը այս առումով պէտք է ողջունել` Ջաւախքի եւ ջաւախահայութեան դիմագրաւած խնդիրները ժողովրդականացնելու, ծանօթացնելու եւ մանաւանդ այդ ուղղութեամբ հանրային կարծիքը ձեւաւորելու ու աշխատանք ծրագրաւորելու:
Վրացական կեդրոնական իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը` շրջանի վարչական տարածքներու վերասահմանագծումին եւ վերաձեւաւորման առումով, կը միտի անշուշտ ժողովրդագրական պատկերի խեղման եւ հայաբնակ Ջաւախքի քաղաքական ապագործօնացումին: Ասոր կը զուգահեռուին ընդհանրապէս Վրաստանի տարածքին կրթական ծրագիրներու պարտադրումը, մշակութային կեդրոններու փակումը, մինչ այժմ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պաշտօնական արձանագրութեան մերժումը, հայկական պատմական եկեղեցիները կիսաքանդ վիճակի մէջ պահելը, պաշտօնական անձնաւորութիւններու կողմէ հայութեան նկատմամբ հնչած ոչ պատշաճ յայտարարութիւնները: Այս եւ նման խտրական քաղաքականութեան հետեւանքը առհասարակ Վրաստանի մէջ հայկական գործօնի չէզոքացումն է եւ յատկապէս Ջաւախքի հայաթափումը:
Հանգամանքները այս երեւոյթներու պարզաբանման կրնան տարբեր ըլլալ անշուշտ: Չմոռնանք, Վրաստանը ռազմավարական գործընկեր է Ազրպէյճանին հետ, դէպի Արեւմուտք թեքած, Օսեթիան եւ Աբխազիան զիջելով «զարգանալ»-ու ուղին ընտրած պետութիւն է, որ ՕԹԱՆ-ի անդամակցելու հետեւողական ճիգին մէջ է եւ որ հակառուս քաղաքականութեան կեցուածքներու ծանր գին վճարած է: Հարաւային Կովկասի արեւմտեան ուժերու այս յենակէտը տարբեր ազգաբնակչութիւններէ կազմուած երկիր է, որուն կեդրոնական իշխանութիւնները անջատողականութեան տրամադրութիւններով կ՛ընկալեն ազգային այլ ծագում ունեցող Վրաստանի քաղաքացիներու կազմակերպուածութեան դրսեւորումները: Ժխտական ընկալումը կեդրոնական իշխանութիւններուն տեղի կու տայ խտրական քաղաքականութեան, որ հիմնովին կը հակադրուի եւրոպական կառոյցներու ճշդած մարդկային եւ ազգային իրաւունքներու սկզբունքային օրինաչափութիւններուն: Եւրոպական կառոյցներ, որոնց հետ համարկումը գերակայ եւ առաջնային օրակարգ յայտարարուած է պաշտօնական Թիֆլիսին կողմէ: Եւրոպական կառոյցները ուրեմն, թիրախային աշխատանքի այն միջավայրն են, ուր լոպիիստական աշխատանք պէտք է կեդրոնացնէ հայկական գործօնը Թիֆլիսի կիրարկած խտրական քաղաքականութեան փաստերը եւրոպական լուսարձակներու տակ բերելու միտումով:
Երեւանի արձագանգը համարժէք չէ Թիֆլիսի առած քայլերուն դիմաց: Այստեղ կայ անշուշտ Հայաստանի Հանրապետութեան շրջափակման նկատառումը, վրացական կարեւոր ելքը դէպի Ռուսիա եւ Եւրոպա: Երկու «դրացի» թշնամիներուն վրայ երրորդ մը չաւելցնելու մտահոգութիւնը եւ ներածում-արտածում ապրանքաշրջանառութեան հիմնական ուղի ըլլալու իրականութիւնը:
Այսուհանդերձ, չափազանց զգուշաւորութեան եւ կրաւորականութեան միջեւ շատ բարակ է սահմանազատող գիծը: Իսկ կրաւորականութիւնը պարզապէս կը թոյլատրէ անարգել շարունակել ներկայ ընթացքը:
Վրաստանի ժողովրդագրական պատկերը կը թելադրէ ձեռնարկել դաշնակցային պետութեան ձեւաւորման ուսումնասիրուած աշխատանքին: Իսկ այստեղ արդէն խնդիրը միայն հայկական էութիւն չունի: Դաշնակցային այդ դրութիւնը կրնայ բնականոն գործել, եթէ անշուշտ Վրաստանի բաղադրիչ ազգաբնակչութիւնները ստանան ամբողջական լիազօրութիւններով ինքնավարութիւն: Առաջինը` Ջաւախքը:

