50 Տարի Առաջ ( 11 Յունիս 1962 )

Նախագահ Շեհապի Այցը Անթիլիաս

20 Հազարի Հասնող Ծովածաւալ Բազմութիւն Մը
Իր Յարգանքն Ու Հաւատարմութիւնը Յայտնեց
Նորին Վսեմութեան

Անթիլիաս երէկ` կիրակի, 10 յունիս, տօնական օր մը եւս ապրեցաւ` արտակարգ խանդավառութեամբ: Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի բոլոր թաղերէն, անվերջ շարանը ժողովուրդին, առտուան ժամը 7:00-էն սկսեալ, բռնած էր Անթիլիասի մայրավանքի ճամբան` երթալ ողջունելու համար Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Ֆուատ Շեհապը, որ Հոգեգալստեան տօնին առթիւ աւանդական իր բարեբաստիկ այցելութիւնը պիտի տար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին եւ անոր արժանաւոր գահակալ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին:

Ժամը 10:00-ին, 20 հազարի հասնող ծովածաւալ բազմութիւնը լեցուցած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, վանքին շրջափակը, յարակից շէնքերը եւ վանք տանող ճամբան, ուր շինուած էին երկու հսկայական կամարներ` լիբանանեան գոյներով զարդարուն:

Մայրուղիէն մինչեւ վանք, ճամբուն երկու կողմերը, ազգային վարժարաններու վերի դասարաններու աշակերտները, լիբանանեան փոքր դրօշակներ ի ձեռին, իրենց ուսուցիչներու հսկողութեամբ, ծաղկատի պարմանիներու պատ մը կազմած էին: Վանքի շրջափակէն ներս կարգապահութեան կը հսկէին ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, արենուշները եւ Օգնութեան խաչի արծուիկները` օրինակելի պարտաճանաչութեամբ:

Զինուորական փողերախումբը եւ հանրապետական պահակագունդը տեղ գրաւած էին վանքին մուտքէն վեհարան տանող բակին մէջ: Լիբանանեան հեռատեսիլի երկու կայաններու, լիբանանեան ձայնասփիւռի եւ թերթերու նկարիչներ եւ լրագրողներ ժամադրուած էին երէկ Անթիլիաս` նախագահական այս ուրախառիթ այցելութեան առթիւ:

Հետզհետէ սկսան հասնիլ պաշտօնական հիւրերը, որոնք դիմաւորուեցան Լիբանանի հայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի, պետական հայ երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեանի, Խաչիկ Պապիկեանի եւ Վարդգէս Շամլեանի, ինչպէս նաեւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան  ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Յաջորդաբար կու գան վարչապետի ներկայացուցիչ եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժեմայէլ, ծրագրաւորումի նախարար  Օսման Տանա, արդարութեան նախարար Ֆուատ Պութրոս, առողջապահութեան նախարար Ալի Պազզի, հանրապետութեան նախագահութեան փրոթոգոլի պետ Ժորժ Հայմարի, երեսփոխաններ Ժեմիլ Լահուտ եւ Ժոզեֆ Չատեր, Լեռնալիբանանի նահանգապետ Ֆաուզի Պարտաուիլ եւ տեղեկատուութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Փեթրօ Տիպ:

Ժամը ճիշդ 10:30-ին, մոթոսիքլիսթ սուրհանդակներ անցք կը բանան նախագահական թափօրին, որ երբ կը յայտնուի մայրավանքի մուտքին, տասնեակ հազարաւոր ձեռքեր ծափահարութիւններու փոթորիկ մը կը փրցնեն եւ հուռռաներ կ՛արձակուին բոլոր կուրծքերէն:

Նախագահը կ՛իջնէ ինքնաշարժէն: Փողերախումբը կը հնչեցնէ ողջոյնի կանչը, որմէ ետք կը նուագուի լիբանանեան քայլերգը` երկիւղած լռութեան մը մէջ: Աչքէ անցընելէ ետք պահակագունդը, նախագահը, որ եկեղեցիին դրան առջեւ կը դիմաւորուի նախարարներու կողմէ, կը մտնէ եկեղեցի, ուր կը գրաւէ նախագահական աթոռը: Մինչեւ ժամը 11:30, նորին վսեմութիւնը կը հետեւի պատարագին, որ կը մատուցուի Զարեհ Ա. կաթողիկոսի կողմէ:

Այնուհետեւ նախագահն ու վեհափառը, պետական աւագանիի ու հայ երեւելիներու շքախումբով կը բարձրանան վեհարան, ուր տեղի կ՛ունենայ հիւրասիրութիւն, մինչ պատկերասփիւռի եւ թերթերու նկարիչները կը գործեն, ֆլեշներու ակնախտիղ լոյսին տակ: Լիբանանեան պետական ձայնասփիւռը, որ ժամը 10:00-էն ի վեր կու տար եկեղեցական արարողութիւնները, խանդավառ մեկնաբանութիւններով կը պանծացնէ հայ ժողովուրդի անվերապահ համակրանքն ու սէրը նորին վսեմութեան հանդէպ:

Վեհարանին մէջ վեհափառը կը կարդայ հետեւեալ ուղերձը, որուն արաբերէն թարգմանութիւնը կը յաջորդէ` Հայկ Թովմասեանի ընթերցումով.

Ձերդ վսեմութիւն,

Բարեբաստիկ այցելութիւնը, որ այսօր կու տաք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեանս, մեր այս համեստ դահլիճէն ներս, մեր սրտերը կը լեցնէ անսահման ուրախութեամբ, ու մեր բոլորին կը բերէ փաստը այն սիրոյն ու վստահութեան, զոր կը տածէք լիբանանեան հայրենիքին հաւատարիմ հպատակ ձեր հայրենակիցներուն ու մեր հոգեւոր զաւակներուն հանդէպ: Ձեր այդ ազնիւ զգացումը ոչ միայն պատիւ կը բերէ մեզի, այլ մեզմէ իւրաքանչիւրը կը մղէ կրկնապատկելու իր ջանքերը յօգուտ այս պատուական հայրենիքի առաւել զարգացումին ու բարգաւաճումին:

Ձերդ վսեմութիւն, մենք հաստատապէս գիտենք, ու այսօր աշխարհ սկսած է արդէն նկատել, թէ Լիբանան այն օրհնեալ երկիրն է, որ կրնայ օրինակ ծառայել բոլոր անոնց, որոնց ուսերուն կը ծանրանայ աշխարհի վրայ խաղաղութիւն հաստատելու եւ զայն պահպանելու ծանր պարտականութիւնը: Այս երկրի բնական սքանչելիքներու կողքին, մեծագոյն սքանչելիքը սիրուն ծաղկեփունջն է անշուշտ այլազան համայնքներու, որոնք եղբայրօրէն եւ անքակտելի կապերով իրարու զօդուած են, եւ որոնց առաջին եւ հիմնական մտածումը կ՛երթայ, միշտ` յաւիտենական Լիբանանին: Ամբողջ աշխարհին օրինակ չի՞ կրնար ծառայել այն խաղաղ համակեցութիւնը, որ գոյութիւն ունի աստուածային կրօններու հետեւող բոլոր համայնքներու հաւատացեալներուն միջեւ, որոնք անկեղծ սիրով ու հայրենասիրական բարձր զգացումով տոգորուած, կը վայելեն բարիքները այս հայրենիքին: Մենք կը կարծենք թէ` այո, կրնայ ծառայել:

Ձերդ վսեմութիւն, երբ կը մտածենք այս սիրելի հայրենիքի բարօրութեան, բարգաւաճումին ու ապահովութեան մասին, մեր առաջին մտածումը կ՛երթայ ձեզի, որ անշահախնդիր ոգիով, աննկուն կամքով յարատեւօրէն կ՛աշխատինք այս հայրենիքի բարօրութեան եւ անոր իւրաքանչիւր զաւկին երջանկութեան համար` դարձած ըլլալով լիբանանեան համայնքներու եղբայրական զգացումին ու միութեան մարմնացումն իսկ:

Ձեր անձնական օրինակելի առաքինութիւններէն անկախ, ձեր անունը յաւերժօրէն ու երախտագիտութեամբ կապուած պիտի մնայ այն հիմնական, անհրաժեշտ ու անյետաձգելի ընկերային ապահովութեան եւ վարչական բարեկարգութեան, որոնց ձեռնարկեցիք, եւ որոնց յաջողութեան համար ամէն հայրենասէր լիբանանցի պէտք է բերէ իր անվերապահ աջակցութիւնը:

Այս սուրբ տօնին ու ձեր շնորհաբեր այցելութեան առթիւ: Մենք անգամ մը եւս, յանուն մեր ժողովուրդին ձեզի բարի գալուստ կը մաղթենք, ու առ Աստուած ջերմապէս կ՛աղօթենք, որ ձեզի պարգեւէ առողջ ու երկար կեանք, եւ դուք զայն ի սպաս դնէք այս սիրելի հայրենիքին ու լիբանանեան ազնիւ ժողովուրդին առաւել երջանկութեան ու բարօրութեան համար:

Կեցցէ Ն. Վ. նախագահ Զօրավար Ֆուատ Շեհապ,

Կեցցէ յաւիտենական Լիբանանը:

* * *

Հիւրասիրութեան ընթացքին, «Կիլիկիա» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի, շատ տպաւորիչ կերպով կ՛երգէ «Կիլիկիան», որմէ ետք երկու այլ խմբերգներ կը հրամցուին հիւրերուն` «Կուժն առա» եւ «Լուռ գնացիր», գոհունակութիւն պատճառելով բոլոր ներկաներուն:

Հասած է հրաժեշտի պահը. նախագահը մինչեւ վեհարանի դուռը կ՛առաջնորդուի վեհափառին կողմէ: Շրջափակին մէջ խռնուած ծովածաւալ բազմութիւնը որոտընդոստ ծափահարութիւններով ողջերթ կը մաղթէ նախագահ Շեհապին, որուն կը հետեւին բարձրաստիճան միւս հիւրերը:

«Թելէ-Օրիան» հեռատեսիլի կայանը երէկ իրիկուն տուաւ նախագահական այցելութեան ժապաւէնը, իսկ Լիբանանի ձայնասփիւռի կայանը իր իրիկուան հաղորդումին մէջ տասը վայրկեան ամբողջ խօսեցաւ այս այցելութեան մասին` շեշտելով, թէ մօտ 25 հազար հայ հաւատացեալներ իրենց յարգանքն ու համակրանքը յայտնեցին Ն. Վսեմութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES