Կրթական Նիւթեր. Քննութիւններու Ճնշումը Կը Խորտակէ Ուսուցիչներուն Պարկեշտութիւնը
ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ ՃԻ. ՍԻ. ԷՍ. Ի.Ի ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԵՄԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՅԱՐԱՃՈՒՆ ՎԵՐԵԼՔ Կ՛ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՆ ՏԱՐԻՆԵՐԷ Ի ՎԵՐ: ՊԱՏՃԱ՞ՌԸ. ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ, ԹԷ ԵՐԿՐԻՆ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ԻՐԵՆՑ ԿԻՐԱՐԿԱԾ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՊԱՐԿԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍԿՍԱԾ Է ԽԱԹԱՐՈՒԻԼ` ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԼԱՒ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ՃՆՇՈՒՄԻՆ ՏԱԿ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ԵՐԵՒՈՅԹԸ:
Բրիտանիոյ Ուսուցիչներու եւ դասախօսներու ընկերակցութիւնը կը բացայայտէ, թէ ուսուցիչներ պարտաւորուած են «փոխել նիշերը» եւ նոյնիսկ «վերստին գրել աշակերտներուն պատասխանները»` բարձրացնելու համար քննութիւններու մէջ արձանագրուած նիշերը:
Այս ընկերակցութեան անդամներուն վրայ կատարուած հպանցիկ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ անոնց 30 առ հարիւրը կը զգայ պարտադրուած պահանջներուն ժխտական ներգործութիւնը` պարկեշտութեան վրայ:
Ընկերակցութեան ներկայացուցիչ Մերի Պաուսթըտ կ՛ըսէ, թէ յայտնապէս շատ աւելի արժէք կը տրուի քննութիւններու արդիւնքին, քան` սորվելու գործընթացին:
Ուսումնասիրութիւնը կատարուած է ընկերակցութեան անդամ 512 ուսուցիչներու վրայ, որոնք կը պաշտօնավարեն Անգլիոյ, Կալեսի եւ Հիւսիսային Իրլանտայի պետական դպրոցներուն մէջ:
Անոր եզրակացութիւնը կ՛ըսէ, թէ ուսուցիչներ հետզհետէ աւելի ծանր ճնշումի տակ կը զգան` աշակերտները պատրաստելու գրաւոր փորձերու եւ քննութիւններու:
Ուսումնասիրութեան ենթարկուած ուսուցիչներուն շուրջ 65 առ հարիւրը աշակերտներուն կու տայ գրաւոր փորձերու օրինակներ` իբրեւ վարժութիւն, աշակերտները կը հրաւիրէ դպրոցէն ետք դասապահերու կամ անձնական դասեր կու տայ իւրաքանչիւր աշակերտի:
Ուսուցիչներուն շուրջ 33 առ հարիւրը յայտնած է, թէ աշակերտներուն օգնած է, որպէսզի պատրաստուին քննութեան` կազմակերպելով հանդիպումներ, ուր աշակերտները կը ծանօթանան «քննութիւններուն յատուկ թեմաներուն»:
Ուսուցիչներուն 25 առ հարիւրը նշած է, թէ պարտաւորուած է ներկայ գտնուիլ քննութիւններ գլխաւորող մարմիններու գիտաժողովներու` օգնելու համար աշակերտներուն, որ պատրաստուին անոնց:
Իսկ շուրջ 35 առ հարիւր մը ըսած է, թէ այն ճնշումը, որուն տակ կը գտնուին իրենք, կրնայ պատճառ դառնալ, որ խաթարուի իրենց արհեստավարժ դասատուի պարկեշտութիւնը:
«Անկարելի»
Անգլիոյ մէջ նախակրթարանի ուսուցիչ մը կ՛ըսէ. «Պարտաւորուած եմ շրջել քննութիւններու արդիւնքները, որպէսզի յառաջդիմութեան մակարդակները բարձր մնան, որովհետեւ մեր պատասխանատուն ունի այն մտավախութիւնը, թէ Օֆսթետ կրնայ քննիչներ ուղարկել, եթէ մեր արդիւնքները տատանին»:
«Իսկ դպրոցը, ուր կը դասաւանդեմ, 5-7 տարեկան մանուկներու դպրոց մըն է»:
Այլ ուսուցիչ մը, որ կը դասաւանդէ երկրորդական վարժարանի մը մէջ, կ՛ըսէ. «Այն դպրոցը, ուր կը դասաւանդեմ, շատ յստակ կերպով կը խախտէ քննութիւններու մէջ ուսուցիչներու պարկեշտութեան սահմանները»:
«Նման ուսուցիչներ նախապատուութիւն կու տան իրենց ոսկեայ դիրքը պահպանելու, քան թէ` աշակերտներուն կարողութիւնները զարգացնելու»:
«Նիշեր որոշելու եւ դասանիւթի մը առնչուող աշխատանքներ տալու մէջ խաբէութիւնը կրնայ վատթարանալ, իսկ անոր մղիչ գործօնը դպրոցներու պատասխանատուներն են», կ՛աւելցնէ ան:
Երրորդ ուսուցիչ մը, որ կը դասաւանդէ Հիւսիսային Իրլանտայի մէկ նախակրթարանին մէջ, կ՛ըսէ. «Կարգ մը պարագաներու կը ստիպուիմ իրողապէս վերստին գրել աշակերտներուս տան պարտականութիւնները, որպէսզի անոնք լրացնեն պահանջուած չափանիշները, եւ ոչ թէ ճիգ կը թափեմ անոնց սորվեցնելու իմ դասաւանդած նիւթս` ֆրանսերէնը: Այս միջոցին դիմած եմ, որովհետեւ պարզապէս ժամանակ չկայ երկուքը իրականացնելու»:
Կրթութեան նախարարութեան մէկ բանբերը կ՛ըսէ. «Բացարձակապէս որեւէ ձեւով չ՛արդարանար ուսուցիչներու խաբէութիւնը»:
«Ծնողներ սարսափելի կերպով պիտի զայրանան, երբ լսեն, թէ ուսուցիչ մը փոխած է քննութեան մը մէջ արձանագրուած նիշերը: Ասիկա կ՛ականէ ամբողջ ուսուցչական կազմը, կը քանդէ աշակերտին կրթութեան գործընթացը, կը ստեղծէ վտանգը` խախտելու հանրութեան հաւատքը ուսուցչական ասպարէզին նկատմամբ», կ՛ըսէ ան:
«Ձախողութիւններ»
Այլ ուսուցիչներու ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ աշակերտներուն կրած հետեւանքներուն վրայ: Յայտնապէս բոլոր ուսուցիչները համաձայն են, թէ այն ճնշումը, որուն ենթակայ են իրենք, վնաս կը պատճառէ նաեւ աշակերտներուն:
Ուսումնասիրութեան մասնակցած 10 ուսուցիչներէն 9-ը կ՛ըսէ, թէ գրաւոր փորձերն ու քննութիւնները ճնշումի գլխաւոր աղբիւրներն են մանուկ եւ պատանի աշակերտներու վրայ, որովհետեւ չափազանց անձկութիւն եւ վախ կը պատճառեն անոնց:
Անգլիոյ մէջ նախակրթարանի ուսուցիչ մը կ՛ըսէ. «Այն մտավախութիւնը ունիմ, թէ կ՛անդամալուծենք բազմաթիւ աշակերտներու կարողութիւնները, նոյնիսկ` նախակրթարանը աւարտելէ առաջ»:
Պաուսթըտ կը նշէ, թէ Բրիտանիոյ մանուկները աշխարհի տարածքին ամէնէն աւելի քննութիւններու ենթարկուող աշակերտներն են:
«Ասիկա մեծ ճնշումի տակ կը դնէ մանուկներն ու պատանիները: Շատեր, որոնք անձնական եւ զգացական մակարդակներու վրայ մեծ յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրեն, կ՛ընկրկին` գրաւոր փորձերու եւ քննութիւններու մէջ ձախող արդիւնքներ արձանագրելով», կ՛ըսէ ան:
«Մինչ պետութիւնը յամառօրէն իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ գրաւոր փորձերու, քննութիւններու արդիւնքներու եւ դպրոցներու միջեւ բաղդատական ցուցակներու վրայ, անդին` բազմաթիւ ուսուցիչներ եւ դասախօսներ եւս իրենք զիրենք կը զգան ահաւոր ճնշումի տակ, յաճախ` ի գին բարձրորակ դասաւանդումի, եւ իրենց աշակերտներուն սորվելու ու զարգանալու կարողութեան», կ՛աւելցնէ ան:
Պաուսթըտ կոչ կ՛ուղղէ պետութեան` վերատեսութեան ենթարկելու գրաւոր փորձերու եւ քննութիւններու համակարգը:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

