Կրթական Նիւթեր. Բնութեան Պակասի Պատճառած Խանգարումները «Աւեր Կը Գործեն Մանուկներուն Վրայ»
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆ` ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏԵԼՈՎ, Կ՛ԸՍԷ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՆԵՇԸՆԸԼ ԹՐԱՍԹԻ ՄԷԿ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ, ՄԻՆՉ ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ ՇԱՏ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԱՐԱԳՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՊԸ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԵՆ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՏՈՒԺԵՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ՏԱՆ ՉՈՐՍ ՊԱՏԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՄԵԾՑՆԵԼՈՒ ԺԽՏԱԿԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ ԵՒ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ:
Բրիտանիոյ մէջ բնութեան եւ պատմական վայրերու պահպանութեան պատասխանատու ազգային կառոյցին` Նեշընըլ Թրասթի համաձայն, ճամբու խճողումները, տեսերիզի պաստառներու գրաւչութիւնը եւ ծնողներու վախերը պատճառ կը դառնան, որ մանուկներ բանտարկուին տան չորս պատերուն մէջ:
Ապացոյցներ կը հաստատեն, թէ հարցը շատ աւելի ծանրակշիռ է Բրիտանիոյ տարածքին, քան` Եւրոպայի այլ երկիրներու, եւ թէ` անիկա կրնայ բացատրել պատճառը մանուկներու գոհունակութեան վերաբերող ուսումնասիրութիւններու մէջ բրիտանացի մանուկներու տկար դիրքին:
Այժմ այս կառոյցը ձեռնարկած է խորհուրդներ հաւաքելու արշաւի մը, որուն թիրախն է «բնութեան պակասի պատճառած խանգարումը» (նէյչըր տեֆիսիթ տիսորտըր):
«Հարցը կը վերաբերի փոխելու այն ձեւը, որուն հիմամբ հասակ կը նետեն մանուկները եւ կը դիտեն աշխարհը», կ՛ըսէ բնութենապաշտ Սթիֆըն Մոս, որ Նեշընըլ Թրասթի համար գրած է «Բնական մանկութիւն» վերնագիրով տեղեկագիր մը:
«Բնութեան աշխարհը չի ներկայանար ուղեցոյց գրքոյկով մը, հետեւաբար անիկա կը սորվեցնէ գործի լծել մեր ստեղծագործական երեւակայութիւնը», կը բացատրէ ան:
«Երբ ինը տարեկանիդ խաղընկերներուդ հետ կը կառուցես որջ մը, կը սորվիս կատարել խմբային աշխատանք. անհամաձայնութիւններ կը ծագին, կը վիճիս, կը լուծես զանոնք, դարձեալ կ՛աշխատիս միասին: Ասիկա կը նմանի խմբային աշխատանքի յատուկ դասընթացքի, այն տարբերութեամբ, որ զայն կ՛իւրացնես 9 տարեկանիդ»:
Ինչպէս նախորդ տարիներուն այլ մարմիններ վիճած են, Նեշընըլ Թրասթ կը շեշտէ, թէ մանուկներ հետզհետէ աւելի կը խզուին բնութեան աշխարհէն եւ կը բանտարկուին տան չորս պատերուն մէջ, ծնողներու փոխանցած ցուցմունքներով ստեղծուած մաքրամաքուր եւ ապահով «բամպակի եւ բուրդի մշակոյթի մը» մէջ, ինչ որ կ՛անդամալուծէ փորձառութեան ճամբով սորվելու անոնց կարողութիւնը:
Տեղեկագիրը կը նշէ ապացոյցներ, որոնք կը հաստատեն հետեւեալը.
ա) Մանուկներ աւելի կը սորվին եւ աւելի լաւ վարուելակերպ կը ցուցաբերեն, եթէ ուսուցումը կատարուի բնութեան մէջ:
բ) Կեդրոնացումի խանգարումի ախտանշաններ կրող մանուկներ աւելի լաւ արդիւնքներ կ՛արձանագրեն, երբ առիթ ունենան բնութեան մէջ հետեւելու փոխանցուած դասի մը:
գ) Մանուկներ կ՛ըսեն, թէ աւելի ուրախ կը զգան չորս պատերէ դուրս որեւէ զբաղումով, քան` արհեստագիտական որեւէ գործիք մը ունենալով:
Այսուհանդերձ, բրիտանացի ծնողներ եւրոպական որեւէ երկրի մէջ ապրող ծնողներէ աւելի պարտաւոր կը զգան արհեստագիտական խաղալիքներ ապահովելու իրենց մանուկներուն:
Երթեւեկի Խճողումին
Պատճառած Զայրոյթը
«Բնութեան պակասի պատճառած խանգարում» բացատրութիւնը ստեղծուած է 2005-ին: Անոր հեղինակն է Ռիչըրտ Լօ, որ կը վիճէր, թէ «բնութենէն օտարանալով»` մարդկութիւնը վճարած է գին մը, զոր կարելի է չափել «զգայարաններու հետզհետէ նուազ գործածութեան, կեդրոնացումի դժուարութիւններու եւ ֆիզիքական կամ զգացական հիւանդութիւններու աւելի բարձր համեմատութիւններով»:
Բրիտանիոյ տարածքին, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ այլ երկիրներու, մանուկներուն քով սոնքութեան, ինքզինքին ֆիզիքական վնաս հասցնելու եւ մտային խանգարումի ախտանշաններու համեմատութիւնները ուշագրաւ մագլցում մը արձանագրած են 1970-ական տարիներէն ի վեր:
Սակայն բնութեան պակասի պատճառած խանգարումը ընդհանրապէս չի նկատուիր բժշկագիտական մարզին յատուկ վիճակ մը:
«Անկասկած գոյութիւն ունի երեւոյթ մը, որ նպաստաւոր չէ առողջութեան, եւ կը վերաբերի տունէն դուրս կամ կանաչ տարածքի հասողութիւն չընձեռելու, վտանգներ դիմագրաւելու քաջութիւն չզարգացնելու», կ՛ըսէ Տէյվիտ Փենչիըն. բժիշկ մը, որ այժմ կը գլխաւորէ Բրիտանիոյ Առողջապահութեան ազգային սպասարկութեան Բնութեան պահպանումի եւ բարգաւաճումի բաժանմունքը:
«Սակայն չեմ կրնար ըսել, թէ ի յայտ բերած ենք բժշկագիտական ուշադրութեան յատուկ վիճակ մը», կ՛ըսէ ան:
«Իրօք, չենք ուզեր զայն դարձնել բժշկագիտութեան յատուկ վիճակ մը, այլ պէտք է զայն նկատենք իբրեւ մէկ մասը` առօրեայ կեանքին: Եթէ բժշկագիտականացնենք զայն, մարդիկ պիտի ըսեն` «աւելի լաւ է բժիշկին դիմել եւ դեղահատ մը առնել»:
Սակայն, հակառակ բնութեան պակասի պատճառած խանգարումներուն եւ անոր հետզհետէ աւելի լայն ճանաչումին, զայն դիմագրաւելու մարտավարութիւններ հազիւ թէ գոյութիւն ունին:
Մոս կը մէջբերէ վիճակագրութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ 1970-ական տարիներէն ի վեր 90 առ հարիւր համեմատութեամբ նուազած է թիւը այն մանուկներուն, որոնց արտօնուած է առանց հսկողութեան թափառիլ իրենց տան շրջապատին մէջ:
Մինչ ծնողներու կողմէ տրուած մաքրամաքուր եւ ապահով «բամպակի եւ բուրդի մշակոյթ»-ը բացատրող կարգ մը պատճառները չեն արդարանար տրամաբանական հիմքերով (սեռային հալածանքի արարքներուն մեծ մասը ի գործ կը դրուի տուներու մէջ եւ ոչ` զբօսայգիներու), անդին` «զանգուածային լուրջ վտանգի» գլխաւոր պատճառը երթեւեկի խճողումն է:
«Կը կարծեմ, թէ ոեւէ մանուկի համար առաջին քայլը տունէն դուրս խաղալն է: Իսկ հասակ նետելէս ի վեր, վերջին 40 տարիներուն, երթեւեկի խճողումը սարսափելի կերպով աւելցած է, եւ ասիկա գլխաւոր պատճառ մըն է, որ մեզմէ ոչ ոք արտօնէ իր զաւկին առանձին դուրս գալու փողոց», կ՛ըսէ Մոս:
«Միակ լուծումը պիտի ըլլար քալողներուն տալ նախապատուութիւն` Բրիտանիոյ տարածքին բնակարանային իւրաքանչիւր փողոցի մէջ: Այսինքն, երբ կը քշես ինքնաշարժդ եւ կը տեսնես, թէ մանուկներ կը խաղան ճամբուն մէջ, պիտի գիտակցիս, թէ նախապատուութիւնը կը պատկանի անոնց»:
Տեղեկագիրը կը ջատագովէ այն գաղափարը, թէ ուսուցիչներ պէտք է իրենց աշակերտները տանին դասարանէն դուրս եւ բնութեան մէջ սորվեցնեն անոնց դասերը: Քաղաքներու դպրոցներու համար կ՛առաջարկուի օգտագործել զբօսայգիները:
Տեղեկագիրը նաեւ կ՛ըսէ, թէ անոնք, որոնք հեղինակութիւն են եւ խորհուրդ կու տան թոյլ չտալ մանուկներուն, որ ծառ բարձրանան կամ պարսատիկ շինեն կոնաբեր ծառերու պտուղներով, պատճառաբանելով «առողջապահական եւ ապահովական» պատճառներ, պէտք է գիտնան, թէ առողջապահութեան եւ ապահովութեան բազմաթիւ մասնագէտներ կը ջատագովեն որոշ չափով վտանգաւոր արարքներու նախաձեռնելու կարեւորութիւնը մանուկներուն կեանքին մէջ:
Առողջապահութեան
Ազդանշան
Վերջին տասնամեակներուն մանուկներուն կեանքին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն անդրադարձը այժմ ի յայտ կու գայ անոնց չափահաս տարիքին, ուր սոնքութեան համեմատութիւնները եւս կը մագլցին:
Փենչիըն նկատած է, որ թէեւ բժիշկներ սկսած են դեղի փոխարէն մարզանք յանձնարարել սոնքութենէ տառապողներուն, սակայն շատ աւելին կարելի է իրագործել մարտավարութիւններ ճշդելով:
«Գլխաւոր հարցերէն մէկը այն է, թէ Բրիտանիոյ Առողջապահութեան ազգային սպասարկութիւնը իր նիւթական ծրագրումով չի կրնար նախաձեռնել հանրային առողջապահութեան», կ՛ըսէ ան:
«Բրիտանիոյ առողջապահութեան սպասարկութիւնը կը գործէ փրկելու սկզբունքով: Մարդիկ այս կառոյցին կը դիմեն, երբ հիւանդ են: Զանոնք կը վերականգնենք եւ կը փորձենք վերադարձնել իրենց բնականոն կեանքին: Ասիկա այնպիսի մշակոյթ մը չէ, որ ստեղծուած է` առողջ պահելու համար մարդիկը»:
Նեշընըլ Թրասթ այժմ ձեռնարկած է խորհուրդներ հաւաքելու երկու ամսուան վրայ երկարող արշաւի մը` մէկտեղելու համար կարծիքներ եւ օրինակներ, սովորական անձերու եւ մասնագէտներու լաւ թէ վատ փորձառութիւններէն:
Ինչ որ պիտի մէկտեղուի, պիտի ծառայէ իբրեւ հիմ` յանձնարարականներու եւ պիտի ճշդէ մարտավարութիւն մը:
«Իբրեւ պետութիւն պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնենք, որպէսզի ապահով պայմաններ ստեղծենք մեր մանուկներուն համար եւ դիւրացնենք անոնց կեանքը տունէն դուրս», կ՛ըսէ այս կառոյցին ընդհանուր տնօրէնը` Ֆիոնա Ռէյնըլծ:
«Կը փափաքինք շարունակել վէճը եւ քաջալերել հանրութիւնն ու կազմակերպութիւնները, որ մտածեն, թէ գործնական ի՛նչ քայլեր կարելի է առնել` մանուկներուն կապը վերահաստատելու համար բնութեան աշխարհին հետ եւ խանդավառելու զանոնք, որ դուրս երթան», կ՛ըսէ ան:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ



