Մայիս 28-ի Առիթով` Դրօշակի Արարողութիւն Հայկական Վարժարաններու Մէջ
Հայաստանի Ա. անկախութեան տօնին առիթով, 24 մայիսին դրօշակի արարողութիւն տեղի ունեցաւ հայկական երկու վարժարաններուն մէջ` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին եւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին:
Հինգշաբթի, 24 մայիսին, ՀՄԸՄ-ի գայլիկ-արծուիկները, արի-արենուշները, երէց-պարմանուհիները սկաուտական տարազով ուղղուեցան իրենց դպրոցները: Այս առիթով աշակերտներուն բաժնուեցան թղթիկներ, ուր տպուած էին Հայաստանի քայլերգն ու «Սարդարապատ» յաղթերգը: Երկու դպրոցներուն մէջ ալ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծուած էր. աշակերտներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն` ՀՄԸՄ-ի քայլերգով:
Ապա այս առիթով դպրոցներ ուղարկուած ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի խմբապետներ փոխանցեցին օրուան պատգամը: Անոնք անդրադարձան մայիս 28-ի արժէքին. «Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութիւնը, հակառակ իր կարճ կեանքին ու փոթորկալի պատմութեան, ձեւով մը խտացումն է մեր նորագոյն պատմութեան, պայքարի եւ քաղաքական միտքի բիւրեղացման: Հազիւ երկուքուկէս տարուան ժամանակամիջոցին պետութիւնը իր մէջ խտացուց տասնամեակներու պայքարները, իտէալներն ու անոնց իրականացումը, ապա իրեն հասած լոյսը սփռեց ու տարածեց յաջորդ դարաշրջանին վրայ` հունաւորելով մեր նորագոյն պատմութիւնը, լոյս հասցնելով մինչեւ մեր օրերը: 28 մայիս 1918-ին ծնունդ առած Հայաստանի Հանրապետութիւնը թագադրումն էր մեր տասնամեակներու պայքարներուն` մղուած ուժական ու քաղաքական զուգահեռ գիծերով», հաստատեցին ՀՄԸՄ-ական խմբապետները:
Անոնք դիտել տուին, որ այսօր, 93 տարի ետք, հրամայական է ու պարտք` մայիսեան հանրապետութենէն մեզի հասնող ժառանգութիւնը պահպանել, զարգացնել ու ընդարձակել: Խմբապետները կոչ ուղղեցին աշակերտներուն` 1918-ին եւ անկէ ետք մղուած պայքարներուն եւ կերտուած յաղթանակներուն արժանի տէրերը ըլլալու` ձգտելով նորերը իրագործել:
Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին մէջ խօսք առաւ նաեւ վարժարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ շեշտը դրաւ ազատութեան գաղափարին կարեւորութեան վրայ, ինչպէս նաեւ դիտել տուաւ, որ անկախ ապրելու, մտածելու եւ գոյատեւելու հայուն դարաւոր երազը իրականութիւն դարձաւ մայիս 28-ով:
Զոյգ վարժարաններուն մէջ դրօշի արարողութիւնները աւարտեցան «Սարդարապատ» յաղթերգով. «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար» բառերը հնչեցին եւ խոստում տրուեցաւ հայ դպրոցներուն եւ ՀՄԸՄ-ի մէջ կերտել նոր «խենթեր»` հայրենիքի ու հայութեան պահապան սերունդներ:
ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ ԾՆՈՂՔ ՄԸ

