Գրախօսական. «Էջեր Առօրեայէն» (Հեղինակ` Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան)

ԵՒՆԻԿԷ ՏՕԳՈՒԶԼԵԱՆ-ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Հրապարակի վրայ է Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանին առաջին գիրքը` «Էջեր առօրեայէն», հրատարակուած` Հալէպ, 2011-ին, «Այգ» մատենաշար թիւ 16, հրամանաւ`  Շահան եպս. Սարգիսեանի` առաջնորդ Բերիոյ հայոց թեմի: Գիրքին մեկենասութիւնը ստանձնած է տէր եւ տիկին Գաբրիէլ եւ բժկհ. Անժէլ Չեմպերճեաններուն հրատարակչական հիմնադրամը:

Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեան կը փորձէ գեղարուեստական յուշագրութիւն մը` թուղթին յանձնելով իր կեանքի որոշ հանգրուաններուն`  դպրոցական, ընկերային, կենցաղային դէպքերն ու երեւոյթները, ինչպէս նաեւ` ընտանեկան աւանդութիւնները եւ ազգային սովորութիւնները: Քսանչորս  խորագիրներու ներքեւ ներկայացուցած է հաճելի եւ տխուր պատմուածքներ, ուր կ՛արտացոլան հայ ուսուցիչի մը ընտանիքին մէջ հասակ առած, հայեցի դաստիարակութիւն ստացած, հայկական դպրոցի մէջ կրթութիւն ստացած հայուհիի մը անհատականութիւնն ու կեանքի տաքն ու պաղը  դիմագրաւելու վճռակամութիւնը:

Պատմուածքները իր ապրած դէպքերու սոսկ նկարագրութիւնները չեն, հոն նաեւ կը գումարուին հասուն տարիքի հայ կնոջ մը մտածումները, որոնք նոր երանգ մը կ՛աւելցնեն պատմուած դէպքերուն: «Սիրելի դէմք մը, հաճելի անձ մը, մտրակուած կեանքիս մէջ … որքանո՞վ կրնանք տանիլ արդեօք: Այս խաբուսիկ կեանքին անիմաստ ըլլալը կը զայրացնէ զիս»:  Այլ տեղ` «Իսկ հոն, ես անկողինիս մէջ ընկղմած, կը վտարեմ այդ անկոչ փեսային մուտքը հոգիէս ներս: Կը զգամ, որ ես անկողինիս մէջ, փեսացուն դուրսը սենեակին մէջ, կ՛ապրինք գրեթէ նոյն տագնապները: Ինք ամէն գնով կ՛ուզէ տէր դառնալ ինծի: Ես ամէն գնով կ՛ուզեմ վանել զինք: Զօրաւոր ուժգնութիւն մը, տենդոտ հոսանք մը կը կապէ մեզ: Երկուքս ալ կը գործածենք բուռն զգացումներ: Յաւակնոտութիւն մը չէ մերժումս, որով ոչինչ ունիմ անձին նկատմամբ քննադատելիք: Պարզապէս սխալ ժամանակաշրջանի մը մէջ կը զարնէ դուռս, եւ հոգիիս խոպան անդաստանը մեկուսացած է, փշաթելերով անջատուած` անպատրաստակամ հերկուելու եւ ցանուելու: Զգուշ, փշաթելերէն անդին …»: Կամ` «Դպրոցական բարեկամութիւնները ամենաջինջ բարեկամութիւններն են, որովհետեւ կանխամտածուած հեռանկարներով հիւսուած ընկերութիւններ չեն, կամ շահադիտական անկիւններէ սերտուած շինծու բարեկամութիւններ չեն»:

Բարձրագոյն ուսման հետեւելու իղձը, ծարաւը եւ հօրը փափաքը իրագործելու մարմաջը կը տեսնենք Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանին մէջ, որ յստակ է գրեթէ իւրաքանչիւր պատմուածքի մէջ. եւ այդ անձնասիրական մղում չէ, այլ` իր գիտութեամբ օգտակար հանդիսանալու ուրիշներուն, անոնց մէջ եւս ներմուծելու սէր ուսման հանդէպ, յարգանք եւ հետաքրքրութիւն հայ գրականութեան նկատմամբ: Չէ՞ որ ինք հօրը քաշած էր … եւ իր գրիչը անոր կը պարտէր:

Հեղինակը  յատուկ սէր եւ յարգանք ունի իր փոքր հասակին կորսնցուցած իր վաստակաշատ ուսուցիչ հօր յիշատակին հանդէպ: Ուսուցիչ Սիսեռեան «Սպանդին բախտով մը սպրդած ու Հալէպի մէջ ոստան դրած հայրս մտածած էր միայն բոյն մը շինել ու շէնցնել: Ազգին նուիրուիլ ու դաստիարակել սերունդներ»:  Ան եղած է հայոց լեզուի համեստ ուսուցիչ, որ իբրեւ ժառանգ` իր ետին թողած է «դատարկ դրամապանակ մը ու երկու սնտուկ գիրք ու թերթերու հաւաքածոներ»:

Մկրտիչ Մկրտիչեան` ուսուցիչ Սիսեռեանի աշակերտը եւ «հաւատաւոր հետեւորդը», որ հիմա հայոց լեզուի ուսուցիչն է հեղինակին, կը դառնայ զինք իր հօրը ծանօթացնող օղակը եւ իր գրական առաջին քայլերը քաջալերողը: Ան հպարտ է անով` «… միացուց զիս ու հայրս կապող այդ արուեստի կախարդական պարանը», «Ինծի զլացուած իրականութիւն մը կեանքի բերաւ, ինձմէ խլուած հեշտութիւն մը վերադարձուց ինծի»:

Իւրաքանչիւր պատմուածքի մէջ իր անցեալի յուշերով հեղինակը կը ներկայացնէ իր հոգեբանական վիճակը: Հօրը մահը մեծապէս ցնցած է զինք, եւ առիթներով անպայման կը  յիշէ զայն ու կ՛արտայայտէ իր սէրը: Հայրը Սիրունին համար եղած է պաշտելի «կուռք» մը, կատարեալ հայր, կատարեալ հայ մարդ, որմէ սակայն շուտով բաժնուած է անոր վաղահաս մահուան պատճառով: «Օ՜, այդ մուրճը, որով գամեցին քու դագաղդ, հա՛յր իմ, այդ անիծեալ մուրճը, իմ մանկութիւնս ալ նետեց այդ դագաղին մէջ ու գամեց առյաւէտ»:

Այլ տեղ մը` «Հայրս երկրագունդիս տրամագիծն էր, որուն շուրջը անհոգ կը դառնար մայրս: Հիմա տրամագիծը ջախջախուած էր: Երկրագունդին միօրինակ ու խաղաղ ընթացքը խանգարուած` կը թաւալէր ըստ բախտի, զիս մատնելով անհատնում տագնապներու»:

Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանին կոտրած սիրտը, յուզմունքները, վիշտերը, ցաւերը կը նոյնանան ընթերցողի  ցաւերուն հետ: Հոս է, որ հեղինակը իր առաջին յաջողութիւնը կ՛արձանագրէ:

Գիրքին վերջին երկու յօդուածները` «Հօրս հետ» եւ «Նամակ մօրս» կը ցոլացնեն Սիրունին ամբողջ էութիւնը. սէր ծնողքի հանդէպ, գուրգուրանք, սրտի խօսք իմացական եւ զգացական աշխարհի մը արտայայտութիւնն է,  որ կը խտացնէ ամբողջ գիրքին միտք բանին:

Հեղինակը հանդարտաբարոյ պատմող է: Գրականութիւն մշակելու ճիգ չունի ան: Իր միտքերը արտայայտելու իւրայատուկ ոճ ունի, լեզուն մաքուր է, զուրկ` ուռճաբանութիւններէ: Տիպարները հեղինակին կեանքին հետ սերտ աղերս ունեցող մարդիկ են, որոնք իրենց դրոշմը դրած են Սիրուն Սիսեռեան-Հաճէթեանի հոգիին եւ կեանքին վրայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES