Անթոլոգիա. Արդի Հայ Արձակ
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն նոր լոյս տեսաւ ԱՆԹՈԼՈԳԻԱ հայրենի երիտասարդ գրողներու «Արդի հայ արձակ» նկատուած հատորը: Կազմեցին եւ խմբագրեցին Լիլիթ Գալստեան եւ Արքեմենիկ Նիկողոսեան:
Պատմուածքներ գրած են 13 երիտասարդ գրողներ, նորընծաներ.
Հրաչեայ Սարիբեկեան, Մհեր Բէյլերեան, Համբարձում Համբարձումեան, Սեւադա Գրիգորեան, Յարութ Կբէեան, Արտաւազդ Եղիազարեան, Արա Պաչեան, Սարգիս Յովսէփեան, Նարա Վարդանեան, Աննա Դաւթեան, Արեգ Ազատեան, Լիլիթ Կարապետեան, Մարիա Ասրիեան:
Շնորհալի, տաղանդաւոր երիտասարդներ են` 18-33 տարեկան: Անոնք ունին կեանքը դիտելու եւ դատելու իւրայատուկ զգացողութիւն: Համարձակ են, բարդոյթ չունին, անկեղծ են սպիտակ թուղթին դիմաց, կ՛արտայայտեն իրենց զգացումները, կ՛արժեւորեն գեղեցիկը, կ՛այպանեն թերին եւ տգեղ երեւոյթները` առանց «շօշափելի» ցուցադրութեան:
Այս խումբին մէջ կան չորս հայուհիներ, որոնք ճամբայ ելած են գրականութիւն մշակելու, արուեստին ծառայելու, նորարարութեամբ իրենց ներաշխարհին տագնապները, կենսափորձերը հրապարակելու: Նոր դէմքեր են, ապագան ցոյց պիտի տայ անշուշտ, թէ անոնցմէ քանի՞ն պիտի կարենան տոկալ եւ շարունակել հայ գրականութիւնը ծաղկեցնելու իրենց ներշնչեալ ստեղծագործական աշխատանքը:
Մեզի կը մնայ ընթերցասէրները հրաւիրել հետաքրքրուելու այս երիտասարդներու ներաշխարհէն յայտնաբերուած նորութիւններու:
Գնահատելի ներդրում մըն է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան ներկայացուցած այս թարմ գրական ծաղկեփունջը: Կ՛արժէ պահիկ մը հեռանալ համակարգիչի սարքէն եւ մօտենալ այս գիրքին, որ գրուած է մեսրոպեան ուղղագրութեամբ:
Յառաջաբանի փոխարէն` պատմուածք մը ներկայացուցած է Լիլիթ Գալստեան, քաջալերական խօսքերով գնահատանք բանաձեւելով երիտասարդ գրողներուն:
Արքեմենիկ Նիկողոսեան իր կարգին ուրախութիւն կը յայտնէ 1990-ական թուականներուն սկսած գրական նոր շարժումի մասին, կու տայ իր վկայութիւնը` յիշելով ԱՆԹՈԼՈԳԻԱ-ի մէջ ներառուած երիտասարդ գրողներուն գրական տաղանդը եւ իւրաքանչիւրին ոճային յատկանիշները:
Հայաստան-սփիւռք մշակութային կապի կամրջման ամրացման նպաստող նախաձեռնութիւն մը: Ընթերցասէրներ կը հրաւիրուին ծանօթանալու Հայաստանի երիտասարդ գրողներու անուններուն:

