Էն. Պի. Էյ.- Հիթ – Սելթիքս` 3-3

Լեպրըն Ճէյմզ

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Արեւելեան շրջանի աւարտականի 7-րդ եւ վերջին վճռական մրցումը պիտի վճռէ այս շրջանի ախոյեանին անունը` նկատի ունենալով, որ այժմ Մայեմի Հիթ – Պոսթըն Սելթիքս մրցումը կ՛ընթանայ 3-3 հաւասարութեամբ:

Հիթ 98-79 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով յաջողեցաւ պարտադրել վերջին մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` Մայեմիի մէջ:

Երէկուան այս մրցումին Հիթի յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Լիպրըն Ճէյմս, որ նշանակեց 45 կէտ, 15 ռիպաունտ եւ 5 էսիսթ: Իսկ Սելթիքսի մարզիկներէն Ռաժոն Ռոնտօ նշանակեց 21 կէտ եւ 10 էսիսթ:

Share this Article
CATEGORIES