Չորեքշաբթի, 13 Յունիսին Ֆիտէ-Ի Նախագահը Պիտի Այցելէ Լիբանան
Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ չորեքշաբթի, 13 յունիսին Լիբանան պիտի ժամանէ ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրշան Իլիումժինով:
Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահը Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Նեպիլ Պատրի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան մը հետ պետ այցելէ նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի` Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ:
Շատ հաւանական է, որ Լիբանան ժամանեն նաեւ ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնի Մոսկուայի գրասենեակի նախագահ Պերկ Պալպակայեւ եւ թեքնիք տնօրէն Ճեֆրի Պորկ:
Նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի այցելելէ ետք, ՖԻՏԷ-ի նախագահն ու ճատրակի պատասխանատուները պիտի այցելեն կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապի` նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ:
Այլ գետնի վրայ, Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը հինգշաբթի, 7 յունիսին Արարատ Պէյրութի ակումբին մէջ գումարեց շաբաթական իր հերթական նիստը` ներկայութեամբ իր անդամներուն մեծամասնութեան:
Յայտարարուեցաւ, որ ճատրակի Միջին Արեւելքի առաջին ախոյեանութիւնը յետաձգուեցաւ յառաջիկայ հոկտեմբերին` նկատի ունենալով, որ մասնակցողները իրենց ներողամտութիւնը յայտնեցին, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան պատճառով իրենք զիրենք չեն կրնար վտանգել` անոր մասնակցելու համար Պէյրութ ժամանելով այս ամիս:
Որոշուեցաւ, որ Լիբանան տղոց եւ աղջկանց ազգային խումբերով իր մասնակցութիւնը բերէ Պոլսոյ մէջ 27 օգոստոսէն 11 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Ճատրակի ողիմպիականի միջազգային ախոյեանութեան:
Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ 10 յուլիսէն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի աղջկանց 2012-ի ախոյեանութիւնը, ինչպէս նաեւ արագ ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը 8 յուլիսին` Նասեր Պար Էլիաս ակումբին մէջ (Պեքաա):
Լիբանան նաեւ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Յունաստանի մէջ տեղի ունենալիք Միջերկրականեան տարիքային ախոյեանութեան:
Ֆետերասիոնը երեք ամսուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց սուրիացի միջազգային վարպետ Ժուան Պաքըրի հետ, որ պիտի մարզէ Լիբանանի աղջկանց եւ տարիքային խումբերը:
Վերջապէս յայտարարուեցաւ նաեւ, որ տեղի պիտի ունենան նոր մարզիչներու յատուկ դասընթացքներ:

