Պասքեթպոլ. Լիբանանի Բ. Դասակարգի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Այսօր` Հուփս – Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ Աւարտականի Առաջին Մրցումը
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց յայտագիրը Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն, որոնք պիտի սկսին այսօր:
Նշենք, որ աւարտականի մրցումին իրարու դէմ յանդիման պիտի ճակատին Հուփս եւ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ:
Առաջին մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր` ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:30-ին: Յաջորդ երկու մրցումները տեղի պիտի ունենան նոյն վայրին մէջ, յաջորդող երկու օրերուն, յաջորդաբար երեկոյեան ժամը 17:30-ին եւ 18:30-ին:
Նշենք, որ այսօր յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, նոյն վայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ երրորդ դիրքի մրցումը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի եւ Պիլիվըրզի միջեւ:
CATEGORIES Մարզական

