Եուրօ-2012. 7 Կոլ Եւ 2 Կարմիր Քարտ` Մրցաշարքին Առաջին Օրը

– Երկու Կարմիր Քարտ` Բացման Մրցումին.
– Ռուսիա 4-1 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեան Մատնեց Չեխիան

Երէկ` ուրբաթ, 8 յունիսին, Լեհաստանի մէջ պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցաւ Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որ տեւեց 12 վայրկեան:

Վարշաւայի Նեշընըլ Սթերեումին մէջ տեղի ունեցած բացման այս հանդիսութեան աւելի քան 800 մասնակցողներ` 63 երկիրներէ, ստեղծեցին տօնական մթնոլորտ մը` ներկայացնելով պարեր եւ կատարելով ցուցադրական ներկայացումներ, որոնցմէ ետք ներկայացուեցան մասնակցող 16 երկիրներուն դրօշակները:

Ապա տեղի ունեցաւ մրցաշարքին բացման մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Լեհաստան եւ Յունաստան` 56 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:

Օրուան սպանացի իրաւարար Քարլոս Վելաքօ Քարպալլօ երկու անգամ գործածեց իր կարմիր քարտը` իւրաքանչիւր կազմէ մարզիկի մը դէմ: Յունաստանէն կարմիր քարտ ստացաւ Սոքրաթիս Փափասթաթոփուլոս (44-րդ), իսկ Լեհաստանէն` Վոժսիեչ Սզեսնի (69-րդ):

Ռոպերթ Լեվանտովսքի կը նշանակէ մրցաշարքին առաջին կոլը

Մրցումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ: Մրցումին առաջին կոլը նշանակեց Լեհաստան` շնորհիւ Ռոպերթ Լեվանտովսքիի (17-րդ), մինչ Տիմիթրիս Սալփինկիտիս նշանակեց յոյներուն հաւասարութեան կոլը (51-րդ):

Յունաստան կրնար նոյնիսկ յաղթական ալ դուրս գալ, եթէ Ճիորճոս Քարակունիս իր կազմին տրուած փենալթին կոլի վերածէր (71-րդ):

Յունաստանի յաջորդ մրցակիցն է Չեխիա, իսկ Լեհաստանինը` Ռուսիա:

Մնալով Ա. խմբակին մէջ, երէկուան երկրորդ մրցումը իրարու դէմ հանեց Ռուսիան եւ Չեխիան:

Ռուսիա տպաւորիչ ձեւով սկսաւ մրցաշարքը, երբ 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Չեխիան: Ալեն Ծակոյեւ (15-րդ եւ 79-րդ), Ռոման Շիրքով (24-րդ) եւ Ռոման Փաւլիուշենքօ (82-րդ) նշանակեցին յաղթական կազմին կոլերը, իսկ Վաքլա Փիլար` Չեխիոյ կոլը (52-րդ):

Ռոպերթ Լեվանտովսքի կը նշանակէ մրցաշարքին առաջին կոլը

Առաջին կարմիր քարտ ստացած մարզիկը` Սոքրաթիս Փափասթաթոփուլոս

Նշենք, որ աւելի քան 40 հազար համակիրներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս մրցումին իրաւարարն էր անգլիացի Հաուըրտ Ուեպ:

Շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումները պիտի ըլլան բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումներ` նկատի ունենալով, որ անուանի եւ զօրաւոր նկատուող կազմեր իրարու դէմ յանդիման պիտի գան:

Տեղի ունենալիք չորս մրցումներէն երեքը պիտի ըլլան զօրաւոր ճակատումներ, որոնց ընթացքին իւրաքանչիւր խումբ պիտի փորձէ ինք ըլլալ առաւելագոյն երեք կէտ ապահովողը:

 

Ստորեւ կու տանք շաբաթավերջին տեղի ունենալիք
մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).

ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Հոլանտա – Դանիա (Բ. խմբակ) 19:00
Գերմանիա – Փորթուգալ (Բ. խմբակ) 21:45
ՎԱՂԸ
Սպանիա – Իտալիա (Գ. խմբակ) 19:00
Իրլանտա – Խրուաթիա (Գ. խմբակ) 21:45

 

Share this Article
CATEGORIES