2014-Ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Ասիոյ Գօտի
– Ալի Սայիտի Լիբանանի Ապահովեց Կէտ Մը
– Հարաւային Քորէա 4-1 Արդիւնքով Ջախջախեց Քաթարը
Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը երէկ` ուրբաթ, 8 յունիսին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ուզպեքիստանի հետ Մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցած մրցումին, որ կ՛իյնայ 2014-ի Մոնտիալի Ասիոյ գօտիի զտումի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի ծիրին մէջ: Նշենք, որ մրցումին ներկայ էին 15 հազար համակիրներ, որոնց կարգին` Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ:
Մրցումին 12-րդ վայրկեանին Ժասուր Հասանով ցնցեց Զիատ Սամատի բերդին ուռկանը` օգտուելով Լիբանանի պաշտպանողական գիծին մէկ սխալէն:
Սակայն 34-րդ վայրկեանին Ալի Սայիտի փրկեց կացութիւնը, երբ մեծ քառակուսիէն դուրս ազատ հարուածով նշանակեց Լիբանանի հաւասարութեան կոլը, այլապէս կացութիւնը շատ աւելի ծանր կրնար ըլլալ եւ խումբին կացութիւնը դառնար աւելի մտահոգիչ:
Լիբանան թէեւ առաւելագոյն 6 կէտէն ապահովեց կէտ մը, սակայն ատիկա բաւարար չէ, որ Պրազիլ մեկնելու յոյսերը մնան ի զօրու:
Նշենք, որ երէկուան այս մրցումին Լիբանանի գերմանացի մարզիչը` Թէօ Պոքըր դաշտ ներկայացուց տարբեր կազմ մը, քան ինչ որ ներկայացուցած էր Քաթարի դէմ կատարուած մրցումին:
Սակայն հակառակ ատոր, Լիբանանի պաշտպանողական գիծին սխալները շարունակեցին մնալ խոցելի` նկատի ունենալով, որ մարզիկներուն կողմէ գնդակը դէպի ետեւ վերադարձնելը միշտ ալ կ՛ունենայ եւ յառաջիկային եւս պիտի շարունակէ ունենալ իր վատ հետեւանքները, եթէ անիկա կրկնուի:
Նշենք, որ երէկուան այս մրցումէն ետք Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը ուղղակիօրէն մեկնեցաւ օդակայան, ուրկէ պիտի ճամբորդէ Հարաւային Քորէա, որուն յաջորդ մրցակիցն է երեքշաբթի, 12 յունիսին:
Լիբանանի խմբակին (Ա.) մաս կազմող Հարաւային Քորէա, որ երէկ կատարեց իր առաջին մրցումը, 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Քաթարը եւ իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ գերազանցեց Իրանն (2-րդ) ու Քաթարը (3-րդ):
Ա. ԽՄԲԱԿ ՄՐՑ. Յ. Հ. Պ. ՆՇ. ՍՏ. ԿԷՏ
1.- Հարաւային Քորէա 1 1 0 0 4 1 3
2.- Իրան 1 1 0 0 1 0 3
3.- Քաթար 2 1 0 1 2 4 3
4.- Ուզպեքիստան 2 0 1 1 1 2 1
5.- Լիբանան 2 0 1 1 1 2 1
Բ. ԽՄԲԱԿ
1.- Ճափոն 2 2 0 0 9 0 6
2.- Իրաք 1 0 1 0 1 1 1
3.- Աւստրալիա 1 0 1 0 0 0 1
4.- Օման 2 0 1 1 0 3 1
5.- Յորդանան 2 0


