«Իսրայէլ Պատրաստ Է Իրանը Հարուածելու» Կ՛ըսէ Զօր. Կանց
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Պենի Կանց Իսրայէլի Քնեսեթի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նիստին ընթացքին յայտարարեց, որ Իսրայէլ Իրանի հիւլէական հնոցները որեւէ պահու հարուածելու ուժը ունի:
«Մեր զինուորները հաւանական որեւէ յարձակումի պատրաստ են: Մենք պատրաստ ենք Իրանը հարուածելու, եւ միայն Իրանի ժողովուրդը կրնայ Իրանին հիւլէական ծրագիրէն հրաժարիլ ստիպել», ըսաւ ան:
Զօր. Կանց չի բացառեր, որ Իրանի հիւլէական յաւակնութիւնները ճնշելու միջազգային ջանքերը կրնան ապարդիւն ըլլալ: «Տնտեսական ճնշումն ու զինուորական միջամտութեան սպառնալիքները կրնան պատճառ դառնալ, որ իրանցիները «ոչ հիմա» ըսեն, սակայն որեւէ պարագայի Իսրայէլի զինեալ ուժերը «գերպատրաստ» վիճակի մէջ են», նշեց ան:
CATEGORIES Միջազգային

